«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Շուրջ 2 միլիոն զբօսաշրջիկ այցելած է Լիբանան 2018 թուականին: Այս մասին, ըստ ազգային լրատուական գործակալութեան, հաղորդեց զբօսաշրջութեան նախարարի պաշտօնակատար Աւետիս Կիտանեան մշակութային ձեռնարկի մը ժամանակ:
Գործակալութեան հաղորդմամբ՝ պաշտօնակատարը նաեւ յայտնեց, որ 2017-2018-ի միջեւ ակներեւ էր Լիբանանի զբօսաշրջիկներու աճ 300000-ով՝ ի հեճուկս արտասահմանեան լրատուամիջոցներուն, որոնք սովորաբար կը ջանան ժողովուրդին մօտ վատ տպաւորութիւն ստեղծել Լիբանանի մասին:






