«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – 6 սիւննի երեսփոխանները երէկ յայտարարեցին, որ պիտի շարունակեն ամէն գնով կառչած մնալ յառաջիկայ կառավարութեան մէջ ներկայացուցչութիւն ձեռք ձգելու իրենց պահանջին:
Երեսփոխաններու հանդիպումէն ետք, վեցեակէն մէկը՝ Ֆայսալ Քարամին, նշեց, որ վարչապետի պաշտօնակատար Սաատ Հարիրի ի զօրու չէ լուծում գտնելու իրենց հարցին:
Հետեւաբար, կառավարութեան կազմաւորման գործընթացին մէջ որեւէ բեկումնային յառաջընթաց չի նկատուիր Մայիս 6-ին տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններէն ի վեր:






