Ուրբաթ, 27. 02. 2026

spot_img

Պոլսոյ Հայաշատ Շրջանի Մը Մէջ Փոխած են Փողոցներէն Մէկուն Հայկական Անուանումը

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  Պոլսահայ համայնքի գործունեայ գործիչներէն Նազարէթ Դաւիթեան դիմատետրի իր էջով կը տեղեկացնէ, որ Պոլսոյ Պաքըրքոյ շրջանին մէջ գտնուող Տատեան փողոցէն անհետացած է փողոցի Տատեան անունը մատնանշող ցուցանակը եւ անոր փոխարէն «Մապէթ» անունով նոր ցուցանակ յայտնուած է։ Այս մասին կը հաղորդէ «Գանձասար»-ը։

Անոր համաձայն, քանի մը տարի առաջ հայերու շրջանին մէջ մեծ ոգեւորութիւն յառաջացուցած էր փողոցը յայտնի հայկական Տատեան գերդաստանի պատւոյն անուանակոչելու հանգամանքը։ Այդ փողոցին մէջ կը գտնուին Սուրբ Աստուածածին հայկական եկեղեցին եւ Տատեան վարժարանը։

Ըստ «Էրմէնիհապէր»ի, փողոցը Տատեան անուանելէ ետք, հակառակ ազգայնականներու բարձրացուցած դժգոհութիւններուն, քաղաքային իշխանութիւնները տեղի չէին տուած եւ հաստատած էին  հայկական Տատեան անուանումը։

Բայց այժմ անհասկնալի պայմաններու մէջ «Տատեան» գրութեամբ ցուցանակը անհետացած է եւ փողոցը անուանափոխուած է՝ կոչուելով «Մապէթ»ի փողոց։

Յիշեցնենք, որ Տատեանները 18-20-րդ դարերուն Օսմանեան Կայսրութեան մէջ պետական, հայ ազգային հասարակական գործիչներ, նշանաւոր մտաւորականներ եղած են։ Ուսումնասիրողները սուլթան Մահմուտի գահակալութեան շրջանը անուանած են «Տատեան դար»։ Տատեանները նիւթական միջոցներ տրամադրած են Վենետիկի Մխիթարեաններուն, ազդեցիկ դեր խաղցած Կոստանդնուպոլսոյ հայ համայնքի կրօնական եւ մշակութային կեանքին մէջ։ Տատեաններուն ամառանոցին մէջ ստորագրուած է Սան Սթեֆանոյի ռուս-թրքական պայմանագիրը (1878)։

Տատեաններուն նախահայրը՝ արհեստաւոր Մահտեսի Առաքել Տատեան (1753-1812) Կոստանդնուպոլիս գաղթած է Ակն գաւառի Ապուչեխ գիւղէն։ 1795-ին ստացած է ամիրայի կոչում եւ նշանակուած Օսմանեան Կայսրութեան արքունի վառոդապետ։ Այնուհետեւ մօտաւորապէս 75 տարի Տատեաններուն շառաւիղները ղեկավարած են Օսմանեան պետութեան զինագործարանները, թուղթի արտադրութիւնը եւ բանակի հանդերձաւորումը։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին