Չորեքշաբթի, 25. 02. 2026

spot_img

Նորընտիր Ազգային Ժողովի Պատգամաւորները Հանդիսաւոր Արարողութեամբ Կը Ստանան Իրենց Յանձնագիրերը

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  Նորընտիր Ազգային ժողովի պատգամաւորներուն առաջին անգամ յանձնագիրերը կը յանձնէ ոչ թէ ԿԸՀ նախագահը, այլ ընտրողները, որոնք ընտրուած են պատահականութեան սկզբունքով՝ համակարգչային վիճակահանութեամբ: Յանձնագիրերը յանձնելու հանդիսաւոր արարողութիւնը մեկնարկած է Ա. Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնի շէնքին մէջ:

Իւրաքանչիւր ընտրական տարածքէն ընտրուած է երկուքական ընտրող եւ երկուքական քաղաքացի, որոնք առաջին անգամ մասնակցած են ընտրութիւններուն: Պատգամաւորական յանձնագիրերը նորընտիր պատգամաւորներուն պիտի յանձնէ 28 ընտրող:

«Արմէնփրես»-ի հաղորդմամբ՝ ԱԺ առաջին նիստը կը կայանայ 2019 թուականի Յունուար 14-ին՝ ժամը 10:00-ին:

«Իմ քայլը» դաշինքը Ազգային ժողովի Դեկտեմբեր 9-ին կայացած արտահերթ ընտրութիւններու արդիւնքներուն համաձայն՝ կը ստանայ պատգամաւորական 88 աթոռ, «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւնը՝ 26, իսկ «Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութիւնը՝ 18 աթոռ։ «Իմ քայլի» չորս աթոռ կը ստանայ Հայաստանի եզիտի, ռուս, ասորի եւ քիւրտ ազգային փոքրամասնութիւններու 1-ական ներկայացուցիչ։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին