Հինգշաբթի, 05. 02. 2026

spot_img

Յիշատակումներ՝ Ձօնուած Հրանդ Տինքի Տարելիցին

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Ինչպէս նախորդ տարիներուն, այս տարի եւս պոլսահայ նահատակ հերոս Հրանդ Տինք զանազան միջոցառումներով պիտի յիշատակուի իր նահատակութեան 12-րդ տարելիցին առթիւ:

Կիրակի, 20 Յունուարին, կէսօրէն ետք ժամը 2ին տեղի պիտի ունենայ Հոգեհանգստեան պաշտօն, Հրանդ Տինքի եւ Սարգիս Հացպանեանի հոգիներուն համար, Մոնթեպելլոյի յուշարձանին առջեւ (901 Via San Clemente, Montebello, CA 90640):

Նոյն օրը երեկոյեան ժամը 6ին, Պոլսահայ միութեան կեդրոնին մէջ (19726 Sherman Way, Winnetka, CA 91306) պիտի նշուի Հրանդ Տինքին նուիրուած ոգեկոչման երեկոյ մը, որուն ընթացքին Պոլիսէն ժամանած դասախօս, ճարտարապետ եւ «Ակօս» շաբաթաթերթի պատմական  բաժինի լրագրող Զաքարեա Միլտանօղլու, նաեւ Պերլինէն ժամանած պոլսահայ գրող եւ թղթակից Հայկօ Պաղտատ, որոնք պիտի ունենան դասախօսութիւններ, ինչպէս նաեւ տեղի պիտի ունենայ «Հրանդ Տինք Ազատութեան եւ Արդարութեան» մետալի շնորհում Զաքարեա Միլտանօղլուի:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին