«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – ՀՀ արտակարգ իրավիճակներու նախարարութիւնը կը հերքէ ՀՀ տարածքին ուժեղ երկրաշարժի մասին համացանցի վրայ տարածուող տեղեկութիւնը:
«Արմէնփրես»-ի հաղորդմամբ՝ այդ կապակցութեամբ նախարարութիւնը յայտարարութիւն կատարած է:
«Համացանցի վրայ լուրեր կը շրջանառուին, թէ ուժեղ երկրաշարժ կը սպասուի Հայաստանի տարածքին: ՀՀ ԱԻՆ երկրաշարժի պաշտպանութեան տարածքային ծառայութիւնը պաշտօնապէս կը յայտարարէ, որ որեւէ հիմք չկայ նման տեղեկութիւն տարածելու համար: Այդպիսի լուրեր յաճախ կը յայտնուին համացանցի վրայ՝ նպատակ հետապնդելով ստեղծել խուճապային տրամադրութիւններ»,- ըսուած է նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ:






