Չորեքշաբթի, 25. 02. 2026

spot_img

Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը Սուրիոյ Մէջ Ռազմական Գործողութիւններ Սկսելու Վերաբերեալ Հերթական Յայտարարութիւնը Կատարած Է

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն յայտարարած է, որ Թուրքիան Սուրիոյ տարածքին ռազմական գործողութիւններ կը սկսի անկախ ամերիկեան զօրքերու դուրսբերումէն:

Այս մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, Չաւուշօղլուն յայտարարած է թրքական «NTV» հեռուստաալիքի եթերին:

«Անկախ այն հանգամանքէն, որ անոնք (ամերիկեան զօրքերը- խմբ.)  դուրս կու գան, թէ ոչ՝ մենք ազգային անվտանգութեան եւ ահաբեկչական կազմակերպութիւններէն պաշտպանուելու համար կարելի ամէն ինչ կ’ընենք: Մեր գործողութիւնները պայմանաւորուած չեն ամերիկեան զօրքերու դուրսբերումով»,- յայտարարած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին