The Adana Massacres
Օսմանեան Երեսփոխան
Յակոբ Պապիկեանի՝
Ատանայի Կոտորածին Տեղեկագիրը՝ Անգլերէն
Հայկազեան Համալսարանի Հրատարակչատունը 2018ի վերջին օրերուն լոյս ընծայեց օսմանեան խորհրդարանի անդամ Յակոբ Պապիկեանի՝ Ատանայի Կոտորածին նուիրուած տեղեկագիրին անգլերէն ամբողջութիւնը՝ Դոկտ. Ա. Կիւրեղեանի թարգմանութեամբ:
Տեղեկագրին ամբողջական այս թարգմանութեան կողքին, 114-էջանի գիրքը ունի ընդարձակ ներածական մը, նաեւ յաւելուածներ, որոնք կը վերաբերին Պապիկեանի՝ ատենի վարչապետին ուղղած հեռագրերուն, Ատանայէն վերադարձին իր ունեցած հարցազրոյցներուն: Թարգմանիչը յաւելումներու բաժնին մէջ զետեղած է նաեւ քննարկումներ, որոնք կը վերաբերին Ատանայի Պատերազմական Ատեանի պատիժներուն, արեւմտեան մամուլին արձագանգներուն, բնակչութեան, զոհերու եւ նիւթաբարոյական վնասներու վիճակագրութեանց, Թուրքիոյ թիւ 301 յօդուածին եւ եւրոպական մարդկային իրաւանց ատեանի՝ Թուրքիոյ վերաբերող 2010-11ի տեղեկագրին: Թարգմանիչը կը քննարկէ նաեւ Ատանայի կոտորածներուն ծրագրուած ըլլալու վարկածը եւ կը հաստատէ պետութեան մասնակցութիւնը ջարդերուն: Գիրքին վերջաւորութեան դրուած են նաեւ յաւելեալ ընթերցանութեան համար գրականութեան հարուստ ցանկ մը եւ անուանացանկ մը:
Տեղին է յիշել, թէ 2018ին Հայկազեան Համալսարանի Հրատարակչատունէն լոյս տեսան չորս գիրքեր.-
Սուրիոյ Հայերը. Գիտաժողովի Նիւթեր (24-27 Մայիս 2015)/Armenians of Syria: Proceedings of the Conference (24-27 May 2015):
Aghop Der-Karabetian, Armenian Ethnic Identity in Context: Empirical and Psychosocial Perspective:
Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս, Հտր. ԼԸ.:
Hagop Babiguian, The Adana Massacres: An Eyewitness Account, translated and annotated by Dr. A. B. Gureghian, foreword (and Overview) by Dr. A. B. Gureghian, 2018, 140 pages:
Վերոյիշեալ հատորները, ինչպէս նաեւ Հրատարակչատունէն լոյս տեսած գիրքերը ունենալու համար կարելի է դիմել Համալսարանի քարտուղարութեան: