«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Թրքական «Ipsos» հետազօտական կեդրոնի հարցախոյզի արդիւնքներուն համաձայն՝ պարզ դարձած է, որ երկրի բնակչութեան մեծ մասը կը դժգոհի տնտեսական ճգնաժամէն:
Այս մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, կը յայտնէ թրքական «Diken» պարբերականը:
Կեդրոնի իրականացուցած հարցախոյզի արդիւնքներուն համաձայն՝ Թուրքիոյ բնակչութեան 59 տոկոսը տնտեսական ճգնաժամը երկրի առջեւ ծառացած ամենամեծ խնդիրը կը համարէ:






