«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն յայտարարած է, որ Թուրքիան Սուրիոյ տարածքին ռազմական գործողութիւններ կը սկսի անկախ ամերիկեան զօրքերու դուրսբերումէն:
Այս մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, Չաւուշօղլուն յայտարարած է թրքական «NTV» հեռուստաալիքի եթերին:
«Անկախ այն հանգամանքէն, որ անոնք (ամերիկեան զօրքերը- խմբ.) դուրս կու գան, թէ ոչ՝ մենք ազգային անվտանգութեան եւ ահաբեկչական կազմակերպութիւններէն պաշտպանուելու համար կարելի ամէն ինչ կ’ընենք: Մեր գործողութիւնները պայմանաւորուած չեն ամերիկեան զօրքերու դուրսբերումով»,- յայտարարած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը:






