«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Խորհրդարանի նախագահ Նապիհ Պըրրի հանդէս եկաւ յառաջիկայ օրերուն տեղի ունենալիք ընկերա-տնտեսական զարգացման արաբական գագաթնաժողովը յետաձգելու առաջարկով: Այս մասին յայտնեց երեսփոխան Ալի Պազի:
«Խորհրդարանի նախագահը կ’առաջարկէ յետաձգել գագաթնաժողովը՝ կառավարութեան բացակայութեան պայմաններուն մէջ վերջինիս անյաջողութեան մատնուելու մտահոգութեամբ»,- երեսփոխանը մէջբերած է Պըրրիի խօսքը:
Ընկերա-տնտեսական զարգացման միտուած արաբական գագաթնաժողովը, որ նախատեսուած է Յունուար 19-20-ին, պէտք է տեղի ունենայ այն ժամանակ, երբ ամբողջապէս կարելի կ’ըլլայ երաշխաւորել անոր յաջողութիւնը՝ ակնարկելով երկրի քաղաքական բաժանումներուն եւ նոր կառավարութեան չկազմաւորման անբարենպաստ իրադրութեան:






