«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Լիբանան պէտք չէ վճարէ շրջանային խաղաղութեան գինը՝ տրուած ըլլալով, որ ան ամէն գնով կ’աշխատի յաղթահարել պատերազմներու եւ նորովի ծայր առած ճգնաժամերու ծանր հետեւանքները: Այս մասին արտասահմանեան դիւանագէտներուն ըսաւ նախագահ Միշէլ Աուն:
Միջազգային հանրութիւնը պէտք չէ սպասէ Սուրիոյ 8-ամեայ պատերազմի քաղաքական որեւէ լուծումի, նախքան սուրիացի գաղթականներու տունդարձը խրախուսելը: Այս մասին ըսաւ Աուն Պաապտայի պալատին մէջ Նոր տարուան տօնին առիթով դիւանագէտներուն պատուոյն տեղի ունեցած միջոցառումի ժամանակ:






