Թուրքիոյ մէջ 11-րդ դասարանի աշակերտը կրակած է ուսուցիչին վրայ:
Այս մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, կը յայտնեն թրքական լրատուամիջոցները:
Դէպքը տեղի ունեցած է Թուրքիոյ Աֆրինգարահիսար քաղաքին մէջ:
Կրակոցի հետեւանքով ուսուցիչին աջ ոտքը վիրաւորուած է: Ան տեղափոխուած է հիւանդանոց:
Աշակերտը ատրճանակը դպրոց բերած է կիթառի պատեանի մէջ:






