Ուրբաթ, 27. 02. 2026

spot_img

Արցախի Մէջ Ձմեռնային Զօրակոչը Մեկնարկած Է Հանդիսաւոր Արարողութեամբ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  Արցախի Պաշտպանութեան բանակի կեդրոնական հաւաքակէտին Յունուար 9-ին տեղի ունեցած է հանդիսաւոր արարողութիւն՝ նուիրուած 2019 թուականի ձմեռնային զօրակոչի մեկնարկին:

Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի ծառայութենէն կը տեղեկացնեն, որ ՊԲ-ի մէջ ծառայութիւնը աւարտող աւագ եղբայրները փոխարինելու եկած առաջին նորակոչիկները շնորհաւորելու եւ իրենց խորհուրդներն ու մաղթանքները փոխանցելու եկած են ԱՀ ՊՆ, ՊԲ հրամանատար Կարէն Աբրահամեանը, բարձրաստիճան հրամանատարակազմի եւ հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, հոգեւորականներ:

Շնորհաւորելով օրուան հերոսները հայրենիքի պաշտպանի` սահմանադրութեամբ իրենց վերապահուած առաքելութիւնը ստանձնելու կապակցութեամբ՝ պաշտպանութեան նախարարը վստահեցուցած է, որ բանակի հրամանատարութիւնը կարելի ամէն ինչ կ’ընէ, որպէսզի նորակոչիկները արագ յարմարին եւ լիարժէք զինուորականներ դառնան՝ հանգամանք, որ տարածաշրջանային ու աշխարհաքաղաքական մարտահրաւէրներուն յաջողութեամբ դիմագրաւելու կարեւոր նախապայմաններէն է:

Միջոցառումի աւարտին, բանակի հրամանատարն ու բոլոր ներկաները շփուած են նորակոչիկներուն հետ, հետաքրքրուած ծառայութեան առաջին տպաւորութիւններով եւ առկայ խնդիրներով: Կարէն Աբրահամեանը բոլոր զինակոչիկներուն անձամբ յանձնած է զինուորական աղօթագիրքեր, որմէ ետք ներկայ գտնուած է նաեւ ծառայութեան հետագայ վայրերու ընտրութեան նպատակով կազմակերպուած վիճակահանութեան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին