Հինգշաբթի, 05. 06. 2025

spot_img

Ռոպերթ Քոչարեանի Նկատմամբ Գրաւ Կիրարկելու Միջնորդութիւնը Միջանկեալ Միջոց Է. Պաշտպան

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի պաշտպանական խումբը այն կարծիքը յառաջ կը քաշեն, որ իրենց պաշտպանեալը կալանքի տակ ընդհանրապէս պէտք չէր գտնուէր: Գրաւի կիրարկումը թոյլատրելի ճանչնալու վերաբերեալ միջնորդութիւնը միջանկեալ միջոց է, մինչեւ որ մնացած հարցերը Վճռաբեկ դատարանին մէջ լուծում ստանան: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, այս մասին դատական նիստէն առաջ լրագրողներուն հետ զրոյցի ժամանակ ըսաւ Քոչարեանի պաշտպաններէն Հայկ Ալումեանը:

«Մենք ընդհանրապէս այն կարծիքը յառաջ կը քաշենք, որ Ռոպերթ Քոչարեանը պէտք չէ կալանքի տակ գտնուէր, բայց քանի որ դիմած ենք Վճռաբեկ դատարան այդ հարցով, եւ դեռ պարզ չէ, թէ Վճռաբեկ դատարանը ե՛րբ լուծում կու տայ այդ հարցին, սա միջանկեալ միջոց է մեր կողմէ: Մենք դիմեցինք առաջին ատեանի դատարան, որ առայժմ գրաւ կիրարկուի՝ մինչև մնացած հարցերը Վճռաբեկ դատարանին մէջ իրենց լուծումը ստանան»,- ըսաւ Ալումեանը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին