«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Մարոնի համայնքի պատրիարք Պշարա Ռաայի մտադիր է համախմբել Լիբանանի քաղաքական առաջատար կուսակցութիւններու ղեկավարները՝ ի տես կառավարութեան կազմաւորման գործընթացին մէջ տակաւին չհանգուցալուծուած փակուղիին, որ ահաւասիկ թեւակոխեց ութերորդ ամիսը:
«Անհրաժեշտ է հանդիպում կայացնել մարոնի համայնքի ղեկավարներուն հետ, նախքան Յունուար 21-ին նախատեսուած ԱՄՆ այցելութիւնս»,- երէկ ըսաւ Ռաայի «Լիբանանի ձայնը» ձայնասփիւռի կայանին:
Ըստ երեւոյթին, Ռաայի կ’ակնարկէր երկրի քաղաքական առաջատար կուսակցութիւններու՝ Լիբանանեան ուժերու, Ազգային ազատ հոսանքի եւ Մարատա շարժումի առաջնորդներուն:






