Ուրբաթ, 27. 02. 2026

spot_img

Պըրրի Կ’առաջարկէ Յետաձգել Արաբական Գագաթնաժողովը

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Խորհրդարանի նախագահ Նապիհ Պըրրի հանդէս եկաւ յառաջիկայ օրերուն տեղի ունենալիք ընկերա-տնտեսական զարգացման արաբական գագաթնաժողովը յետաձգելու առաջարկով: Այս մասին յայտնեց երեսփոխան Ալի Պազի:

«Խորհրդարանի նախագահը կ’առաջարկէ յետաձգել գագաթնաժողովը՝ կառավարութեան բացակայութեան պայմաններուն մէջ վերջինիս անյաջողութեան մատնուելու մտահոգութեամբ»,- երեսփոխանը մէջբերած է Պըրրիի խօսքը:

Ընկերա-տնտեսական զարգացման միտուած արաբական գագաթնաժողովը, որ նախատեսուած է Յունուար 19-20-ին, պէտք է տեղի ունենայ այն ժամանակ, երբ ամբողջապէս կարելի կ’ըլլայ երաշխաւորել անոր յաջողութիւնը՝ ակնարկելով երկրի քաղաքական բաժանումներուն եւ նոր կառավարութեան չկազմաւորման անբարենպաստ իրադրութեան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին