Ուրբաթ, 27. 02. 2026

spot_img

Կառավարութիւնը 3 Միլիառ 975 Միլիոն Դրամ Յատկացուցած Է Մարզերուն Մէջ Առաջնահերթ Լուծում Պահանջող 216 Ծրագիրներու Իրականացման Նպատակով

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարարութեան համակարգումով կը շարունակուին ՀՀ մարզերուն մէջ ջրամատակարարումի եւ ջրահեռացումի, ոռոգումի, կրթական, մշակութային, առողջապահական, ճանապարհաշինութեան, բնակարանաշինութեան, գիւղատնտեսութեան սարքերու ձեռքբերումի եւ այլ նպատակներով առաջնահերթ լուծում պահանջող հիմնախնդիրներու յաղթահարման ուղղութեամբ իրականացուելիք աշխատանքները։

Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, ՀՀ տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարարութեան հասարակայնութեան հետ կապերու բաժնէն կը տեղեկացնեն, որ այդ նպատակով 2018 թուականին ՀՀ կառավարութեան պահուստային ֆոնտէն Հայաստանի տարածքային զարգացման հիմնադրամին եւ ՀՀ մարզպետարաններուն յատկացուած է 3 միլիառ 975 միլիոն դրամ՝ 216 ծրագիրներու իրականացման նպատակով, որուն վերջնաժամկէտ սահմանուած է 2019 թուականի Դեկտեմբեր 20-ը։

 

Այսպէս, Հայաստանի տարածքային զարգացման հիմնադրամին ՀՀ մարզերուն մէջ առաջնահերթ լուծում պահանջող շուրջ 192 ծրագիրներու իրականացման նպատակով յատկացուած է 3 միլիառ 657 միլիոն 994․3 հազ. դրամ։

 

Միեւնոյն ժամանակ Հայաստանի Հանրապետութեան մարզերուն մէջ առաջնահերթ լուծում պահանջող հիմնախնդիրներու լուծման նպատակով 24 ծրագիրներու իրականացման համար ՀՀ մարզպետարաններուն յատկացուած է 317 միլիոն դրամ։

Ի տարբերութիւն նախորդ տարիներուն իրականացուած ծրագիրներու՝ 2018 թուականի ծրագիրները իրականացուած են համայնքներու կողմէ ձեռք բերուած նախագծա-նախահաշուային փաստաթուղթերու հիման վրայ։ Շարք մը համայնքներու կողմէ ծրագիրներու իրականացման համար կատարուած են նաեւ համապատասխան չափով համաֆինանսաւորումներ 5-50%-ի սահմաններուն մէջ՝ կախուած համայնքային պիւտճէի հնարաւորութիւններէն։»

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին