Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան («Միութիւն») Կեդրոնական Վարչական
Ժողովը այսու կը ծանուցանէ Միութեան բոլոր իրաւասու անդամներուն թէ Միութեան 90-րդ
Ընդհանուր Ժողովը պիտի գումարուի Շաբաթ 9 Փետրուար 2019-ի առաւօտեան ժամը 10-ին,
Փարիզի Շաթօֆորմ Սիթի Լէ Ժարտէն Սէն Տօմինիք-ի մէջ, Ֆրանսա, 49-51, rue Saint Dominique,
75007 Paris, France:
90-րդ Ընդհանուր Ժողովի գումարման վերաբերեալ միակ ծանուցագիրն է այս: Հետեւաբար,
Միութեան իրաւասու անդամներէն կը խնդրենք որ վերոյիշեալ թուականին անձնապէս
ներկայ գտնուին ժողովին համար նշուած վայրը, կամ իրենց փոխանորդագիրները`
գործադրուած եւ վաւերացուած ըստ Ծրագիր Կանոնագիրի տրամադրութեան, ուղարկեն կամ
յանձնեն Կեդրոնական Վարչական Ժողովի ատենադպիրին, ամենաուշ մինչեւ 31 Դեկտեմբեր
2018, կեդրոնական գրասենեակի հետեւեալ Հասցէով.
Armenian General Benevolent Union
Central Board of Directors
55 East 59th
Street
New York, NY 10022-1112, U.S.A.
ԺՈՂՈՎԻ ՕՐԱԿԱՐԳ
1. Նկատառում եւ վաւերացում Միութեան 2016 եւ 2017 տարեշրջաններու ընդհանուր
գործունէութեան տեղեկագիրներուն:
2. Նկատառում եւ վաւերացում Միութեան 2016 եւ 2017 տարեշրջաններու հաշուական
տեղեկագիրներուն:
3. Ընտրութիւն Կեդրոնական Վարչական Ժողովի անդամներու:
4. Ընտրութիւն Հաշուեքննիչ Յանձնախումբի անդամի մը:
5. Քննարկում վերոնշեալ օրակարգերուն առնչուող որեւէ հարցի, ինչպէս նաեւ ժողովի
աշխատանքներուն ընթացքին արծարծուած կամ ըստ Ծրագիր Կանոնագիրի ժողովին
ներկայացուած հարցերու, ներառեալ Ծրագիր Կանոնագիրի բարեփոխումներ:
6. Քննարկում Ընդհանուր Ժողովի յանձնարարութիւններու եւ բանաձեւերու:
Ի Դիմաց
Հ.Բ.Ը.ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻ
Սարգիս Ճէպէճեան Պերճ Սեդրակեան
Ատենադպիր Նախագահ
12 Նոյեմբեր 2018






