Հինգշաբթի, 05. 02. 2026

spot_img

Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ Կատարուեցաւ Տնօրհնէք

Ս․ Ծննդեան տօնին առիթով, երէկ՝ Չորեքշաբթի, 9 յունուար 2019-ին, Ազգային Առաջնորդարանին մէջ տեղի ունեցաւ տնօրհնէք, նախագահութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ․ Տ․ Նարեկ Արքեպիսկոպոսին եւ մասնակցութեամբ Առաջնորդարանի պաշտօնէութեան։

Արարողութիւնը կատարեց Թեմի Քարոզիչ Հոգշ․ Տ․ Անանիա Ծ․ Վրդ․ Գուճանեան։ Առաջնորդ Սրբազան Հօր գրասենեակին մէջ կատարուած արարողութենէն ետք, Նարեկ Արքեպիսկոպոս նշեց, որ իր բնոյթին մէջ այս եզակի նախաձեռնութիւնը կը միտի հոգեւոր մթնոլորտի մէջ սկսիլ նոր տարին եւ աւանդութեան վերածել ազգային կառոյցներուն մէջ տնօրհնէք կատարելու կարգը, նկատի առնելով, որ Ազգային Առաջնորդարանը համայնքի բոլոր զաւակներու տունն է։

Այս առիթով, Առաջնորդ Սրբազանը պաշտօնէութեան մաղթեց յաջողութիւն, եւ յոյս յայտնեց, որ հաւաքական աշխատանքով աւելի հասանելի կը դառնանք մեր ժողովուրդի կարիքներու գոհացման։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին