Ուրբաթ, 27. 02. 2026

spot_img

Տօնական Օրերուն Արցախի Մէջ Լոյս Աշխարհ Եկած է 39 Փոքրիկ

2019 Յունուար 1-7 Արցախի Հանրապետութեան մէջ լոյս աշխարհ եկած է 39 փոքրիկ՝ նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածի 25-ի համեմատ:

Ըստ Artsakhpress.am-ի՝ ԱՀ գլխաւոր մանկաբարձ-կանացի բժիշկ Մանուշակ Սարգսեան ըսած է, որ Ստեփանակերտի ծննդատան մէջ, տօնական օրերուն, արձանագրուած է 28 ծնունդ, որուն 18-ը` աղջիկ, իսկ 10-ը՝ տղայ:

ԱՀ առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկութիւններով՝ նոյն ժամանակահատուածին, Մարտակերտի բժշկական հաստատութեան մէջ արձանագրուած է 6 ծնունդ, որուն 4-ը` աղջիկ, իսկ 2-ը՝ տղայ, Մարտունիի բժշկական միաւորման մէջ՝ 4 ծնունդ` 3 տղայ, մէկ աղջիկ, իսկ Հադրութի մէջ ծնած է 1 աղջիկ:

Արցախի մէջ ծնած 39 երեխաներէն 24-ը աղջիկ է, իսկ 15-ը՝ տղայ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին