«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – «Նորմա» կոչուող փոթորիկը երէկ խառնիճաղանճ մթնոլորտ ստեղծեց մայրուղիներուն վրայ՝ թիրախաւորելով նաեւ տասնեակ գաղթակայաններ: Իսկոյն յայտնենք, որ ջրողողումներուն հետեւանքով կորսուեցաւ սուրիացի աղջիկ մը, իսկ մօտաւորապէս 50 հոգի վիրաւորուեցաւ:
Շարք մը ուղիներ ստիպուած փակուեցան ջրողողումներուն պատճառով: Վարորդները նոյնպէս բազմաբղէտ խնդրիներու հանդիպեցան Տպայէի մայրուղիին վրայ, իսկ Քաղաքացիական պաշտպանութիւնը լաստերու միջոցով աշխատեցաւ մարդոց դուրս բերել իրենց ինքնաշարժներէն:






