Ուրբաթ, 27. 02. 2026

spot_img

Հըզպալլա Տակաւին Կը Զօրակցի Հարիրիին՝ Որպէս Հանրապետութեան Վարչապետի

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Հըզպալլա կուսակցութեան առաջնորդ Սայյըտ Հասան Նասրալլայի քաղաքական գլխաւոր օգնականներէն Հուսէյն Խալիլ «Ալ Ախպար» տեղական օրաթերթին յայտնեց, թէ կուսակցութիւնը տակաւին համոզուած է, որ Սաատ Հարիրին պէտք է շարունակէ վարչապետի պաշտօնին մնալ այս փուլին:

Նշենք, որ կուսակցութիւնը ամբողջապէս կը զօրակցի սիւննի անկախ երեսփոխաններու՝ նոր կառավարութեան մէջ ներկայացուցչութիւն ձեռք ձգելու պահանջին՝ մերժելով ներկայացնել նոր նախարարաց խորհուրդին մէջ իր նախարարական պաշտօնէութեան անունները, մինչեւ պահանջի ընդառաջումը:

Այնուամենայնիւ, նախագահ Միշէլ Աուն եւ վարչապետի պաշտօնակատար Սաատ Հարիրի յայտարարած են, որ սիւննի անկախ երեսփոխանները իրաւասութիւնը չունին ներկայացուցչութիւն ձեռք ձգելու յառաջիկայ կառավարութեան մէջ, որովհետեւ անոնք խորհրդարանական պլոքի մը չեն պատկանիր:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին