Ուրբաթ, 27. 02. 2026

spot_img

Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ Կը Շրջանառէ Կրիբի Ա Տեսակի H1N1 Ենթատեսակը. Իրավիճակը Օրինաչափ Է

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ սուր շնչառական վարակներու եւ կրիբի առումով իրավիճակը օրինաչափ է, բնորոշ՝ եղանակին: Ըստ օրական իրականացուող մշտադիտարկումի արդիւնքներուն` Յունուար 8-ի դրութեամբ արձանագրուած է 642 դիմելիութիւն համաբուժարանային կազմակերպութիւններ: Առողջապահութեան նախարարութենէն տեղեկացուցին, որ Յունուար 8-ի դրութեամբ հանրապետութեան հիւանդանոցները տեղափոխուած է սուր շնչառական վարակներով 597 հիւանդ: Արձանագրուած դէպքերու 96%-ն արձանագրուած է երեխաներուն մօտ: Ինչ կը վերաբերի սուր շնչառական վարակներով պայմանաւորուած շտապ օգնութեան կանչերուն, ապա արձանագրուած է 130 կանչ: Իրականացուած հետազօտութիւններու արդիւնքներու համաձայն` հանրապետութեան մէջ կը շրջանառէ կրիբի Ա տեսակի H1N1 ենթատեսակը:

Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան տուեալներուն համաձայն` եւրոպական տարածաշրջանի երկիրներուն մէջ կը շարունակուի կրիբի եւ սուր շնչառական վարակներու արձանագրումը: Տարրալուծարան հաստատուած կրիբի դէպքերու 99,6%-ը պայմանաւորուած է կրիբի Ա (H1N1 եւ H3N2 ենթատեսակ) եւ 1%-ը Բ-տեսակներով: Նոյն իրավիճակը կը դիտուի տարածաշրջանի երկիրներուն մէջ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին