«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը տապալած է ԱՄՆ նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճոն Պոլթոնի հետ հանդիպումը:
Այս մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, կը յայտնէ թրքական «Հապերլեր»-ը:
Թուրքիոյ նախագահի խօսնակ Իպրահիմ Քալընի փոխանցմամբ՝ հանդիպումի չեղարկման պատճառ հանդիսացած է Թուրքիա այցէն առաջ Իսրայէլի մէջ Պոլթոնի կատարած յայտարարութիւնը:
«ԱՄՆ-ը Սուրիոյ մէջ գտնուող զօրքերը դուրս պիտի չբերէ, մինչեւ Թուրքիոյ իշխանութիւնը չերաշխաւորէ, որ պիտի չյարձակի Սուրիոյ քիւրտերուն վրայ, եւ որ անոնց անվտանգութիւնը կ’ապահովուի»,- յայտարարած է Պոլթոնը:
Յունուար 8-ին Թուրքիա այցելած է ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնեաներէ կազմուած պատուիրակութիւնը: Պատուիրակութեան կազմին մէջ են ԱՄՆ նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճոն Պոլթոնը, ԱՄՆ ԶՈւ գլխաւոր հրամանատարակազմի պետ Ժոզեֆ Տանտորֆը եւ Սուրիոյ մէջ ԱՄՆ յատուկ ներկայացուցիչ Ճեյմս Ճեֆրին:
ԱՄՆ-Թուրքիա քննարկումներու օրակարգին են ԱՄՆ զօրքերը Սուրիայէն դուրս բերելու գործընթացը, ԱՄՆ-ի մէջ վտարանդիութեան մէջ գտնուող թուրք քարոզիչ, կիւլենականներու առաջնորդ Ֆեթուլլահ Կիւլենի արտայանձնումին, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ քիւրտերու հետ կապուած հարցեր:
Թրքական կողմը պատասխանելով Պոլթոնի յայտարարութեան նշած էր, որ այդ յայտարարութիւնները անհիմն են, եւ որ Թուրքիոյ բոլոր գործողութիւնները ուղղուած են Սուրիոյ քիւրտերու անվտանգութեան ապահովման։
Պոլթոն առանց Էրտողանին հանդիպելու վերադարձած է ԱՄՆ:






