Ուրբաթ, 27. 02. 2026

spot_img

Թուրքիոյ Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով Հայկական Հեռուստաալիք Պիտի Հեռարձակուի

Հանրապետական Թուրքիոյ պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով պիտի հեռարձակուի հայկական հեռուստաալիք, որ «Լոյս» թերթի համանուն կայանն է: Այս մասին, ըստ Ermenihaber.am-ի, կը հաղորդէ Demokrathaber-ը։
«Լոյս TV»-ն առաջին ուղիղ եթերը հեռարձակած է Յունուար 6-ին, Պոլսոյ Սբ. Վարդանանց եւ Գում Գափու թաղամասի Սբ. Մարիամ եկեղեցիներէն, երբ Հայ առաքելական Սբ. Եկեղեցին կը տօնէր Քրիստոսի ծնունդը:

«Լոյս TV»-ի եւ «Լոյս» լրատուական խորհուրդի անդամ Յարութիւն Քուրալ ըսած է, թէ ծննդեան տօնին հետ միասին ծնած է նաեւ «Լոյս TV»-ն:

Հեռուստալիքը պաշտօնապէս պիտի սկսի հեռարձակուիլ մէկ ամսուան ընթացքին:

Յարութիւն Քուրալի խօսքով` այսուհետեւ հայերէն եւ թրքերէն բարձր որակի (HD) հեռարձակումներ պիտի ապահովուի:

«Ասիկա հօրս` 35 տարուան լրագրող Արամ Քուրալի նախագիծն էր: Անոր կարծիքով` հայկական հեռուստաալիքը անհրաժեշտ է հայ համայնքին համար եւ մենք այս երազը իրագործեցինք»,- նշած է Յարութիւն Քուրալ:

«Լոյս TV»-ն օրուան ընթացքին 3 անգամ հայերէն եւ թրքերէն լուրեր պիտի թողարկէ ժամը 08:00-ին, 12:00-ին եւ 19:00-ին, որոնց կարելի է հետեւիլ նաեւ բջիջային հեռախօսներու եւ պլանշէթներու միջոցով:

«Ընդհանուր լուրերէն բացի նաեւ պիտի ըլլան հայ համայնքը հետաքրքրող լուրեր, ինչպէս նաեւ արուեստի, մշակոյթի, մարմնակրթութեան, առողջապահութեան, տնտեսութեան ու քաղաքականութեան վերաբերող հաղորդումներ: Կը նախատեսուին ուղիղ միացումով բանավէճային ծրագիրներ, ինչպէս հայ համայնքի համար կարեւոր եւ տօնական օրերուն յատուկ եթերներ»,- տեղեկացուցած է Քուրալ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին