«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Յունուար 6-ին Լիբանանի մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վահագն Աթաբեկեանը այցելեց Լիբանանի հարաւային Շամա բնակավայրին մէջ իրենց ծառայութիւնը իրականացնող հայկական զօրախումբի զինուորներուն՝ հայ խաղաղապահները շնորհաւորելու Ամանորի ու Սուրբծննդեան տօներուն առիթով։
ԵՈԻՆԻՖԻԼ-ի (United Nations Interim Force in Lebanon) «Արեւտեան հատուած» կեդրոնակայանին մէջ ՀՀ դեսպանի այցելութեան առիթով կազմակերպուած պաշտօնական արարողութենէն ետք Վահագն Աթաբեկեանը առանձնազրոյց ունեցաւ խաղաղապահ առաքելութեան «Արեւմտեան հատուած»-ի հրամանատար Տիոտաթօ Ապակնարայի հետ: Քննարկուեցան հայ խաղաղապահներու եւ իտալական հրամանատարութեան գործակցութեան ներկայ ընթացքն ու հետագայ ընդլայման հեռանկարները:

Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի խաղաղապահ առաքելութեան ղեկավարը առանձնայատուկ գնահատանքով արտայայտուեցաւ ծառայութեան ընթացքին հայ զինուորներու դրսեւորած բարձր կարգապահութեան եւ մասնագիտական կարողութիւններու վերաբերեալ:






