«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Երեւան քաղաքի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի Շէնգաւիթի նստավայրին մէջ Յունուար 9-ին կը կայանայ Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի գործով դատական նիստը։ «Արմէնփրես»-ի հետ զրոյցի ժամանակ Քոչարեանի պաշտպաններէն Հայկ Ալումեանը նշեց, որ երկրորդ նախագահը նիստին պիտի չմասնակցի:
«Ան նպատակայարմար չէ գտած մասնակցիլ նիստին»,- ըսաւ Ալումեանը:






