«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Հըզպալլա կուսակցութեան առաջնորդ Սայյըտ Հասան Նասրալլայի քաղաքական գլխաւոր օգնականներէն Հուսէյն Խալիլ «Ալ Ախպար» տեղական օրաթերթին յայտնեց, թէ կուսակցութիւնը տակաւին համոզուած է, որ Սաատ Հարիրին պէտք է շարունակէ վարչապետի պաշտօնին մնալ այս փուլին:
Նշենք, որ կուսակցութիւնը ամբողջապէս կը զօրակցի սիւննի անկախ երեսփոխաններու՝ նոր կառավարութեան մէջ ներկայացուցչութիւն ձեռք ձգելու պահանջին՝ մերժելով ներկայացնել նոր նախարարաց խորհուրդին մէջ իր նախարարական պաշտօնէութեան անունները, մինչեւ պահանջի ընդառաջումը:
Այնուամենայնիւ, նախագահ Միշէլ Աուն եւ վարչապետի պաշտօնակատար Սաատ Հարիրի յայտարարած են, որ սիւննի անկախ երեսփոխանները իրաւասութիւնը չունին ներկայացուցչութիւն ձեռք ձգելու յառաջիկայ կառավարութեան մէջ, որովհետեւ անոնք խորհրդարանական պլոքի մը չեն պատկանիր:






