Ուրբաթ, 27. 02. 2026

spot_img

Թուրքիոյ Նախագահը Տապալած Է ԱՄՆ Նախագահի Խորհրդական Պոլթոնի Հետ Հանդիպումը

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը տապալած է ԱՄՆ նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճոն Պոլթոնի հետ հանդիպումը: 

Այս մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, կը յայտնէ թրքական «Հապերլեր»-ը: 

Թուրքիոյ նախագահի խօսնակ Իպրահիմ Քալընի փոխանցմամբ՝ հանդիպումի չեղարկման  պատճառ հանդիսացած է Թուրքիա այցէն առաջ Իսրայէլի մէջ Պոլթոնի կատարած յայտարարութիւնը: 

«ԱՄՆ-ը Սուրիոյ մէջ գտնուող  զօրքերը դուրս պիտի չբերէ, մինչեւ Թուրքիոյ իշխանութիւնը չերաշխաւորէ, որ պիտի չյարձակի Սուրիոյ քիւրտերուն վրայ, եւ որ անոնց անվտանգութիւնը կ’ապահովուի»,- յայտարարած է Պոլթոնը: 

Յունուար 8-ին Թուրքիա այցելած է ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնեաներէ կազմուած պատուիրակութիւնը: Պատուիրակութեան կազմին մէջ են ԱՄՆ նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճոն Պոլթոնը, ԱՄՆ ԶՈւ գլխաւոր հրամանատարակազմի պետ Ժոզեֆ Տանտորֆը եւ Սուրիոյ մէջ ԱՄՆ յատուկ ներկայացուցիչ Ճեյմս Ճեֆրին:

ԱՄՆ-Թուրքիա քննարկումներու օրակարգին են ԱՄՆ զօրքերը Սուրիայէն դուրս բերելու գործընթացը, ԱՄՆ-ի մէջ վտարանդիութեան մէջ գտնուող թուրք քարոզիչ, կիւլենականներու առաջնորդ Ֆեթուլլահ Կիւլենի արտայանձնումին, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ քիւրտերու հետ կապուած հարցեր:

Թրքական կողմը պատասխանելով Պոլթոնի յայտարարութեան նշած էր, որ այդ յայտարարութիւնները անհիմն են, եւ որ Թուրքիոյ բոլոր գործողութիւնները ուղղուած են Սուրիոյ քիւրտերու անվտանգութեան ապահովման։

Պոլթոն առանց Էրտողանին հանդիպելու վերադարձած է ԱՄՆ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին