Չորեքշաբթի, 04. 02. 2026

spot_img

Փառքը՝ Աստուծոյ, Խաղաղութիւն Եւ Հաճութիւն՝ Մեր Ընելիքը

 «Երկնքի բարձրութեան մէջ Աստուծոյ փառք,

 երկրի վրայ խաղաղութիւն, մարդոց մէջ հաճութիւն:»

Ղուկ. 2. 14

 

Տէր Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ ծննդեան գիշերուան լռութեան մէջ՝ դաշտին մէջ եղող հովիւները հրեշտակներու «երգը» լսեցին եւ լեցուեցան յոյսով:  Անոնք մինչեւ Բեթլեհէմ գացին՝ ստուգելու, թէ արդեօք իրա՞ւ է առաջին հրեշտակին՝ իրենց հաղորդած աւետիսը:  Գացին եւ գտա՛ն աւետիսին ստոյգ ըլլալը, իսկ հրեշտակներու բազմութեան երգի՞ն ստուգութիւնը…

Մարդոց միջեւ իրականանալիք հաճութիւնը եւ երկրի վրայ խաղաղութիւնը մինչեւ այսօր կը վրիպին մարդկութեան հասողութենէն:  Մարդուն ժամանակները տակաւին լեցուն են պայքարներով եւ ալեկոծութիւններով:  Մարդ արարածը փառքը Աստուծոյ տալու փոխարէն՝ կը փորձէ ինքզինք փառաւորել իր շուրջինները նուաստացնելով, մօտիկները եւ հեռաւորները կեղեքելով, իր նմանները անարգելով, իրմէ տկար եղողները անտեսելով եւ բոլորը խաբել ջանալով:  Ան կը ստեղծէ անխաղաղ եւ տհաճ վիճակներ, որոնց մէջ այդ անտեսուած ու խաբուած մարդիկ կ’աշխատին, կը պայքարին, որպէսզի ձերբազատուին այդ «մարդէն»:  Կարծես իրական չըլլար հրեշտակներուն երգը:

Տէր Յիսուս Քրիստոսի Ծննդեան ընկերացող այդ հրեշտակային երգը յայտարարութի՞ւն էր, թէ մաղթանք մարդոց տրուած, ըստ երեւոյթի՝ յստակ չէ մարդոց:  Յայտարարութիւն ըլլալու պարագային՝ ինչո՞ւ չ’իրականանար. մաղթանք ըլլալու պարագային՝ ի՞նչ հաւաստիք ունինք:  Սուրբ ծննդեան տօնէն անդին կարծէք ոչ կը յիշուին «խաղաղութիւն» եւ «հաճութիւն» վիճակները, ոչ ալ անոնց իրականանալուն համար յոյս մը կայ:  Կան միայն խօսքեր եւ փորձերու ժողովներ:  Ուրեմն յոյս կը տեսնուի միայն պայքարելուն մէջ. պայքար, որ ծանր կը կշռէ մեր վրայ. պայքար, որ շատ սուղ կ’արժէ մարդոց:

Ամէն տեսակ պայքար կը տեսնենք ամէն տեղ. պայքար եւ ցոյցեր՝ ապրելակերպի մակարդակներու բարելաւման համար, պայքար եւ վէճեր՝ քաղաքական շահերու ապահովման համար, պայքար՝ կաշառակերութեան դէմ, պայքար՝ արդարութեան ի խնդիր, պայքար՝ իշխանութեան փտածութեան դէմ… մարդիկ իրենց յոյսը կը տեսնեն պայքարելուն մէջ, մինչ յստակ չէ թէ ինչ պիտի փոխուի որպէս արդիւնքը այդ պայքարին:  Իրապէս պիտի փոխուի՞ մարդկութեան վիճակը, թէ՝ պարզապէս պիտի փոխարինուին անխաղաղ եւ անհաճոյ վիճակ պատճառողները ուրիշներով:  Իշխանութիւնը չարաշահող մէկուն փոխարէն ուրիշ չարաշահող մը իշխանութեան գալով՝ պիտի փոխուի՞ կացութիւնը:  Տեսէք թէ քանիներ կը տուժեն պայքարներուն մէջ եւ պայքարներուն պատճառաւ՝ ֆիզիքապէս ըլլայ այդ, թէ բարոյապէս:  Եթէ ատիկա իրական փոփոխութիւն մը բերէր մարդկութեան վիճակին՝ ապա պիտի արժէր պայքարիլ:  Իսկ քանի՞ պարագայի մէջ պայքարը բերած է իսկական, էական փոփոխութիւն…  Մեր պայքարին մէջ՝ երբ եսասէր կ’ըլլանք եւ այդպէս կ’աշխատինք յոյս ներշնչել մենք մեզի եւ ուրիշին, այդ յոյսը խաբկանք կ’ըլլայ:

Կացութիւնները կը փոխուին մի՛այն երբ հրեշտակներուն երգը կ’ընդունինք որպէս յանձնարարութիւն՝ Աստուծմէ մեզի տրուած. ոչ պարզ յայտարարութիւն, ոչ ալ հրեշտակային մաղթանք:  Ամէն բանէ առաջ փառքը Աստուծոյ տալու կեցուածք ունենալու ենք, որպէսզի հրեշտակներու երգին մնացեալ մասով համոզուինք եւ ան իրական դառնայ նախ մեզի համար եւ ապա մեր շուրջիններուն:  Խաղաղութիւն եւ հաճութիւն տարածելը մարդուն տրուած աստուածային պատուէր է, որ իրական  պատասխանատուութիւնն է մարդուն:  Մենք ենք, որ, Աստուծոյ հնազանդելով, մեր անձերը եւ մեր շրջապատը խաղաղ եւ հաճելի պիտի ընենք եւ Խաղաղութեան Իշխանին ծննդեան տօնը մեր արդար բաժինը պիտի ըլլայ: 

 

ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ

ՁԵԶԻ ՄԵԶԻ ՄԵԾ ԱՒԵՏԻՍ

 

                                                                                  Վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեան

                                                                                                    Նախագահ

                                                                                           Մերձաւոր Արեւելքի

                                                                    Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան

Յունուար 2019

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին