Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

Տեսակէտ Ո՛չ «Ստրկավարձութեան»

ԿՈՐԻՒՆ Լ. ՔԷՀԵԱՅԵԱՆ

«Բանուորներ բոլոր երկիրներու միացէ՛ք» կարգախօսով առաջնորդուող Խորհրդային հասարակարգը իր թիւր տնտեսական քաղաքականութեամբ զարմանալիօրէն կրցած էր եօթանասունամեայ անկրկնելի փորձառութեամբ ըստ կարելւոյն իւր կայսրութեան տարածքին վրայ չքացնել թեթեւ եւ բաւականաչափ նաեւ միջին արդիւնաբերութեան ոլորտները՝ իրեն հետ «մահուան» դատապարտելով այդ ոլորտներուն ծառայող աշխատուժի ուժականութիւնն ու ունակութիւնը: Նոյնքան անարդիւնաւէտ դարձած էր նաեւ ծանր արդիւնաբերութեան ոլորտը: Փաստօրէն, տեսականօրէն բանուորական ներուժի վրայ յենած քաղաքա-տնտեսական համակարգը գործնականօրէն վերածուած էր անաշխատուժ հասարակութեան, ուր ազգային պատկանելիութեան ու պատասխանատուութեան զգացումները համահաւասար էին կաշառակերութեան, կողոպուտին, ծուլութեան, անտարբերութեան ու անշահախնդրութեան: Մէկ խօսքով՝ ստեղծուած էր անաշխատուժ, անդասակարգ հասարակութիւն:

Խորհրդային անծայրածիր հասարակաբանտի փլուզումէն ետք, Հայաստանի նորաստեղծ Հանրապետութենէն ներս սունկի պէս բուսած սակաւապետերն ու աւազակապետերը ոչ միայն անտեսեցին հայ ազգին դժուարին, սակայն յաղթական ու յուսազեղ պայքարի ընթացքն ու նուաճումները յանուն «անկախութեան» եւ Արցախի ազատագրման, այլեւ արտաքին եւ ներքին ուժերու շահերու զուգաւորմամբ ստեղծուած հասարակարգերուն պատշաճեցնելով համապատասխան օրէնքներ, թալանելով ժառանգուած աշխատավայրերը եւ շահագործելով ու իւրացնելով երկրի բնական հարստութիւնը, աւելի քայքայեցին Հանրապետութեան առանց այն ալ սակաւացած աշխատուժի վերազարթնող կենսունակութիւնը եւ արտագաղթի դժոխային դռներ բացին անոնց առջեւ, լուրջ վտանգի առջեւ դնելով երկրի տնտեսական զարգացման ընթացքը, ազգագրական պատկերն ու պետութեան խարիսխները…:

Երկրի բռնատիրական իշխող մթնոլորտի առկայութիւնը, տնտեսական անկումը, ուռճացող արտագաղթի կասեցումը (միայն Սերժ Սարգսեանի նախագահութեան տասնամեակին Հայաստանէն արտագաղթած եւ չէ վերադարձած 373 հազար քաղաքացի), գործազրկութեան աներեւակայելի աճը, աղքատութեան, երկրի անվտանգութեան սպառնացող վտանգը եւ պետութեան վերահաս անկումը կանխելու մտադրութեամբ, երկրի երիտասարդ տարրի ներուժի ու համազգային ջանքերով՝ իշխանութիւնը ժողովուրդին վերադարձնելու կարգախօսով, ժայթքեցաւ թաւշեայ յեղափոխութիւնը, իր որակով առաջինն ու աննմանը երկիր մոլորակին վրայ, ուր հայ մարդը համայն մարդկութեան ցոյց տուաւ իր հնամենի քաղաքակրթութեան պայծառ պատկերը:

Կատարուած թաւշեայ յեղափոխութիւնը դոյզն անգամ չշարժեց խամրող «հայկական» սփիւռքի կողմնացոյցի սլաքը եւ հայրենի մագնիսն անգամ մը եւս մնաց անձգող: Իսկ հայրենի ազգաբնակչութիւնն ու նոր Հայաստանի տեսլականը դրուեցաւ ներքին ու արտաքին դժուար մարտահրաւէրներու առջեւ:

Իբր թէ երկրին տնտեսական նոր լիցք ներարկելու հեռանկարով, սկսած էին եւ առ այսօր կը շարունակուին հողեր վաճառուիլ այլազգաց եւ այլ քաղաքացիներու (պէտք է լուրջ վերատեսութեան ենթարկել ՀՀ-եան հողի մասին օրէնքները): Նոյնիսկ արտագաղթած հայորդաց աշխատուժի բացը լրացնելու մտադրութեամբ, այլազգաց եւ օտար քաղաքացիներու «ստրկավարձութեան» ներհոսք մը սկիզբ առած էր անդադրում վերաճումներով՝ նոյնիսկ զանոնք համալրելով Հայաստանի Հանրապետութիւնը տակաւին չընդունած Փաքիստանի այլակրօն քաղաքացիներով՝ առանց հաշուի առնելու գործազուրկ հայ քաղաքացիին աշխատանքային իրաւունքի առաջնայնութիւնը, ինչպէս նաեւ ընթացիկ հայրենիք վերադարձող հայորդաց դրութիւնը:

Սիրելիներ, համաշխարհային համամարդկային տեղաշարժերն ու այլասերման ընթացքը եւ եւրոպական երկիրներու վերոյիշեալ համապատասխան ձախող փորձերը պայման չէ, որ նմանակենք, երբ ան կը գործէ ի վնաս համազգային ու պետական շահերուն: Եթէ համաշխարհային «ստրկավարձման» ընդունուած կարգ մը կը գործէ մոլորակիս վրայ, պայման չէ, որ ի վնաս մեր ազգային գոյընթացին գոհացնենք համաշխարհային ժամանակակից «ստրկավաճառքի» շուկան, վտանգի տակ դնելով մեր դարաւոր ժառանգականութիւնը…: Եթէ միտուած ապազգայնացման քաղաքականութիւն կը տիրէ մոլորակիս վրայ, պայման չէ, որ մենք ալ աշխարհայնացման քօղի տակ նոր Հայաստանը պատուաստենք նոր մարդոցմով՝ դաւաճան ժամանակի ակնթարթին յանձնելով մեր դարաւոր փորձը եւ քաղաքակրթութեամբ պսակած թաւշեայ յեղափոխութիւնը:

Քիչ մը յաւելեալ սիրոյ, հաւատքի, առաւել ինքնավստահութեամբ ու ձեռներէցութեամբ, հանդուրժողականութեամբ ու ջանասիրութեամբ կը թեւակոխենք ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԻՒՆ… եւ առանց օտարոտի ձեռքերու ու ճաշակներու ներդրմամբ աներկբայօրէն կրնանք լուրջ եղաշրջական ընթացք տալ մեզի վայել տնտեսութեան…: Ժամանակն է միայն ու միայն մեր համազգային ուժերուն ապաւինելով զարկ տանք մեր ազգային տնտեսութեան ու մեր ծաղկուն հայրենիքը հպարտօրէն յանձնենք մեր ժառանգորդներուն:

Հայաստանաբնակ օտար քաղաքացիներ

Հայաստանաբնակ օտար քաղաքացիներ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին