«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Նորընտիր Ազգային ժողովի առաջին նիստը կը կայանայ 2019 թուականի Յունուար 14-ին՝ ժամը 10:00-ին: «Արմէնփրես»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին ՀՀ կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի արտահերթ նիստի ժամանակ ըսաւ ԿԸՀ նախագահ Տիգրան Մուկուչեանը:
«Ղեկավարուելով ՀՀ ընտրական օրէնսգիրքի Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրական օրէնքի 100-րդ յօդուածի առաջին մասով, ինչպէս նաեւ Ազգային ժողովի կանոնակարգ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրական օրէնքի 32-րդ յօդուածի երկրորդ մասով, համաձայն որուն՝ Ազգային ժողովի արտահերթ ընտրութեան պարագային առաջին նստաշրջանը կը գումարուի նորընտիր Ազգային ժողովի կազմաւորումէն ետք երկրորդ Երկուշաբթի օրը՝ ժամը 10:00-ին, Ազգային ժողովի 2018 թուականի Դեկտեմբեր 9-ի արտահերթ ընտրութիւններով ընտուած նորընտիր ԱԺ առաջին նստաշրջանի օր կը յայտարարուի 2019 թուականի Յունուար 14-ի Երկուշաբթի օրը՝ ժամը 10:00»,- ըսաւ Մուկուչեանը:
«Իմ քայլը» դաշինքը, Ազգային ժողովի Դեկտեմբեր 9-ին կայացած արտահերթ ընտրութիւններու արդիւնքներուն համաձայն, կը ստանայ պատգամաւորական 88 աթոռ, «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւնը՝ 26, իսկ «Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութիւնը՝ 18 աթոռ: «Իմ քայլը»-ի չորս աթոռը կը ստանայ Հայաստանի եզիտի, ռուս, ասորի եւ քիւրտ ազգային փոքրամասնութիւններու 1-ական ներկայացուցիչ:






