«Երկնքի բարձրութեան մէջ Աստուծոյ փառք,
երկրի վրայ խաղաղութիւն, մարդոց մէջ հաճութիւն:»
Ղուկ. 2. 14
Տէր Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ ծննդեան գիշերուան լռութեան մէջ՝ դաշտին մէջ եղող հովիւները հրեշտակներու «երգը» լսեցին եւ լեցուեցան յոյսով: Անոնք մինչեւ Բեթլեհէմ գացին՝ ստուգելու, թէ արդեօք իրա՞ւ է առաջին հրեշտակին՝ իրենց հաղորդած աւետիսը: Գացին եւ գտա՛ն աւետիսին ստոյգ ըլլալը, իսկ հրեշտակներու բազմութեան երգի՞ն ստուգութիւնը…
Մարդոց միջեւ իրականանալիք հաճութիւնը եւ երկրի վրայ խաղաղութիւնը մինչեւ այսօր կը վրիպին մարդկութեան հասողութենէն: Մարդուն ժամանակները տակաւին լեցուն են պայքարներով եւ ալեկոծութիւններով: Մարդ արարածը փառքը Աստուծոյ տալու փոխարէն՝ կը փորձէ ինքզինք փառաւորել իր շուրջինները նուաստացնելով, մօտիկները եւ հեռաւորները կեղեքելով, իր նմանները անարգելով, իրմէ տկար եղողները անտեսելով եւ բոլորը խաբել ջանալով: Ան կը ստեղծէ անխաղաղ եւ տհաճ վիճակներ, որոնց մէջ այդ անտեսուած ու խաբուած մարդիկ կ’աշխատին, կը պայքարին, որպէսզի ձերբազատուին այդ «մարդէն»: Կարծես իրական չըլլար հրեշտակներուն երգը:
Տէր Յիսուս Քրիստոսի Ծննդեան ընկերացող այդ հրեշտակային երգը յայտարարութի՞ւն էր, թէ մաղթանք մարդոց տրուած, ըստ երեւոյթի՝ յստակ չէ մարդոց: Յայտարարութիւն ըլլալու պարագային՝ ինչո՞ւ չ’իրականանար. մաղթանք ըլլալու պարագային՝ ի՞նչ հաւաստիք ունինք: Սուրբ ծննդեան տօնէն անդին կարծէք ոչ կը յիշուին «խաղաղութիւն» եւ «հաճութիւն» վիճակները, ոչ ալ անոնց իրականանալուն համար յոյս մը կայ: Կան միայն խօսքեր եւ փորձերու ժողովներ: Ուրեմն յոյս կը տեսնուի միայն պայքարելուն մէջ. պայքար, որ ծանր կը կշռէ մեր վրայ. պայքար, որ շատ սուղ կ’արժէ մարդոց:
Ամէն տեսակ պայքար կը տեսնենք ամէն տեղ. պայքար եւ ցոյցեր՝ ապրելակերպի մակարդակներու բարելաւման համար, պայքար եւ վէճեր՝ քաղաքական շահերու ապահովման համար, պայքար՝ կաշառակերութեան դէմ, պայքար՝ արդարութեան ի խնդիր, պայքար՝ իշխանութեան փտածութեան դէմ… մարդիկ իրենց յոյսը կը տեսնեն պայքարելուն մէջ, մինչ յստակ չէ թէ ինչ պիտի փոխուի որպէս արդիւնքը այդ պայքարին: Իրապէս պիտի փոխուի՞ մարդկութեան վիճակը, թէ՝ պարզապէս պիտի փոխարինուին անխաղաղ եւ անհաճոյ վիճակ պատճառողները ուրիշներով: Իշխանութիւնը չարաշահող մէկուն փոխարէն ուրիշ չարաշահող մը իշխանութեան գալով՝ պիտի փոխուի՞ կացութիւնը: Տեսէք թէ քանիներ կը տուժեն պայքարներուն մէջ եւ պայքարներուն պատճառաւ՝ ֆիզիքապէս ըլլայ այդ, թէ բարոյապէս: Եթէ ատիկա իրական փոփոխութիւն մը բերէր մարդկութեան վիճակին՝ ապա պիտի արժէր պայքարիլ: Իսկ քանի՞ պարագայի մէջ պայքարը բերած է իսկական, էական փոփոխութիւն… Մեր պայքարին մէջ՝ երբ եսասէր կ’ըլլանք եւ այդպէս կ’աշխատինք յոյս ներշնչել մենք մեզի եւ ուրիշին, այդ յոյսը խաբկանք կ’ըլլայ:
Կացութիւնները կը փոխուին մի՛այն երբ հրեշտակներուն երգը կ’ընդունինք որպէս յանձնարարութիւն՝ Աստուծմէ մեզի տրուած. ոչ պարզ յայտարարութիւն, ոչ ալ հրեշտակային մաղթանք: Ամէն բանէ առաջ փառքը Աստուծոյ տալու կեցուածք ունենալու ենք, որպէսզի հրեշտակներու երգին մնացեալ մասով համոզուինք եւ ան իրական դառնայ նախ մեզի համար եւ ապա մեր շուրջիններուն: Խաղաղութիւն եւ հաճութիւն տարածելը մարդուն տրուած աստուածային պատուէր է, որ իրական պատասխանատուութիւնն է մարդուն: Մենք ենք, որ, Աստուծոյ հնազանդելով, մեր անձերը եւ մեր շրջապատը խաղաղ եւ հաճելի պիտի ընենք եւ Խաղաղութեան Իշխանին ծննդեան տօնը մեր արդար բաժինը պիտի ըլլայ:
ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ
ՁԵԶԻ ՄԵԶԻ ՄԵԾ ԱՒԵՏԻՍ
Վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեան
Նախագահ
Մերձաւոր Արեւելքի
Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան
Յունուար 2019






