«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Հայաստանի երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեանի եղբօրորդիին՝ Նարեկ Սարգսեանի արտայանձնումին համար անհրաժեշտ փաստաթուղթերը գլխաւոր դատախազութենէն ուղարկուած են Չեխիոյ Հանրապետութեան իրաւապահ մարմիններուն:
Այս մասին ըսաւ ՀՀ գլխաւոր դատախազութեան հանրային կապերու բաժնի պետ Արեւիկ Խաչատրեանը:
«Դեկտեմբեր 28-ին յանձնումի համար անհրաժեշտ փաստաթուղթերը գլխաւոր դատախազութենէն ուղարկուած են Չեխիոյ Հանրապետութեան իրաւապահ մարմիններուն»,- նշեց Խաչատրեանը:
Յանձնումի մասին, եւրոպական համաձայնագիրին համաձայն, այլ երկրի պահանջով ձերբակալուած անձը նախնական կալանքի տակ կրնայ մնալ առաւելագոյնը 40 օր, եւ եթէ այս պարագային Հայաստանը արտայանձնումի դիմում չներկայացնէ, Պրահայի իշխանութիւնը կրնայ զինք ազատ արձակել։ Արտայանձնումի ժամկէտը կը լրանայ Յունուարի կէսին։






