Չորեքշաբթի, 11. 03. 2026

spot_img

Նորընտիր Ազգային Ժողովի Առաջին Նիստը Կը Կայանայ Յունուար 14-ին

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Նորընտիր Ազգային ժողովի առաջին նիստը կը կայանայ 2019 թուականի Յունուար 14-ին՝ ժամը 10:00-ին: «Արմէնփրես»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին ՀՀ կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի արտահերթ նիստի ժամանակ ըսաւ ԿԸՀ նախագահ Տիգրան Մուկուչեանը:

«Ղեկավարուելով ՀՀ ընտրական օրէնսգիրքի Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրական օրէնքի 100-րդ յօդուածի առաջին մասով, ինչպէս նաեւ Ազգային ժողովի կանոնակարգ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրական օրէնքի 32-րդ յօդուածի երկրորդ մասով, համաձայն որուն՝ Ազգային ժողովի արտահերթ ընտրութեան պարագային առաջին նստաշրջանը կը գումարուի նորընտիր Ազգային ժողովի կազմաւորումէն ետք երկրորդ Երկուշաբթի օրը՝ ժամը 10:00-ին, Ազգային ժողովի 2018 թուականի Դեկտեմբեր 9-ի արտահերթ ընտրութիւններով ընտուած նորընտիր ԱԺ առաջին նստաշրջանի օր կը յայտարարուի 2019 թուականի Յունուար 14-ի Երկուշաբթի օրը՝ ժամը 10:00»,- ըսաւ Մուկուչեանը:

«Իմ քայլը» դաշինքը, Ազգային ժողովի Դեկտեմբեր 9-ին կայացած արտահերթ ընտրութիւններու արդիւնքներուն համաձայն, կը ստանայ պատգամաւորական 88 աթոռ, «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւնը՝ 26, իսկ «Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութիւնը՝ 18 աթոռ: «Իմ քայլը»-ի չորս աթոռը կը ստանայ Հայաստանի եզիտի, ռուս, ասորի եւ քիւրտ ազգային փոքրամասնութիւններու 1-ական ներկայացուցիչ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին