Չորեքշաբթի, 04. 02. 2026

spot_img

Նոր Տարուան Եւ Ս. Ծննդեան Տօներուն Առիթով Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Կը Բազմապատկէ Իր Ընկերային Ծառայութիւնը

Ինչպէս միշտ, այս տօնական օրերուն ընթացքին եւս, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. կաթողիկոսին քաջալերանքով եւ հովանաւորութեամբ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը բազմապատկեց ընկերային ծառայութեան ոլորտի իր աշխատանքները։

Արդարեւ, Նոր տարուան եւ Ս. ծննդեան տօներուն առընթեր, քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքը, գլխաւորութեամբ բաժանմունքի վարիչ Հոգշ. տ. Զարեհ վրդ. Սարգիսեանի, Դեկտեմբեր ամսուն ձեռնարկեց օժանդակութեան արշաւի մը ու Կաղանդի եւ յաջորդող ամիսներուն սեղանները ճոխացնող սնունդ եւ նուէրներ բաշխեց 170 ընտանիքներու։

Այս վսեմ գործին իրենց մասնակցութիւնը բերած հայր սուրբերը այցելեցին ընտանիքներուն, աղօթեցին եւ վեհափառ հայրապետին օրհնութիւնը փոխանցեցին անոնց։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին