Ուրբաթ, 27. 02. 2026

spot_img

Նախարարութիւններու Դրամական Միջոցներու Մօտալուտ Սպառումը Հաւանական Է. Խալիլ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  Ֆինանսներու նախարարի պաշտօնակատար Ալի Հասան Խալիլ նախազգուշացուց՝ դիտել տալով նախարարութիւններու դրամական միջոցներու մօտալուտ սպառումի հաւանականութիւնը, եթէ նոր կառավարութեան կազմաւորումը ի կատար չածուի յառաջիկայ մէկ ամսուան ընթացքին: Այս մասին նախարարը յայտնեց վարչապետի պաշտօնակատար Սաատ Հարիրիի հետ հանդիպում ունենալէն ետք:
«Երբ կառավարութիւնը կազմաւորուի, ապա մենք շատ դիւրաւ պիտի կարենանք զանազան աղբիւրներէ դրամական միջոցներ ապահովել մեր նախարարութիւններուն համար»,- ըսաւ Խալիլ հանդիպումէն ետք տեղի ունեցած մամլոյ հեռարձակուող ասուլիսին ժամանակ:      

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին