Չորեքշաբթի, 04. 02. 2026

spot_img

Կազմակերպութեամբ ԹՄՄ Մեծագոյն Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին՝ ԵՐԵԿՈՅ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲՌՆՑՔԱՄԱՐՏԻ ՈՍԿԵԱՅ ՄԵՏԱԼԱԿԻՐ ՎԼԱԴԻՄԻՐ ԵՆԳԻԲԱՐԵԱՆԻ

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- ԹՄՄ Մեծագոյն Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի նախաձեռնութեամբ, Ուրբաթ, Յունուար 25-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Կլենտէյլի Հանրային գրադարանին մէջ տեղի պիտի ունենայ անուանի բռնցքամարտիկ, հայկական բռնցքամարտի ոսկեայ մետալակիր, աշխարհի ախոյեան, Ողիմպիական խաղերու ոսկէ մետալակիր, Եւրոպաի եռակի եւ Խ. Միութեան եռակի ախոյեան Վլադիմիր Ենգիբարեանին նուիրուած միջոցառում:

Գլխաւոր բանախօսն է «Նոր Օր»ի մարզական խմբագիր եւ հայ մարզաշխարհին մասին պատմող գիրքերու հեղինակ Պրն. Աւետիս Բայրամեան, որ պիտի ներկայացնէ Ենգիբարեանի կեանքը:

Խօսք պիտի առնեն նաեւ նշանաւոր հայ բռնցքամարտիկներ Խորէն Ինջէեանն ու Նշան Մունչեանը:

Վլադիմիր Ենգիբարեան ծնած է Երեւան՝ 24 Ապրիլ 1932-ին: Ան մարզաշխարհէն հեռացած է արձանագրելով 255 յաղթանակ եւ 12 պարտութիւն: Հանգստեան կոչուելէ ետք, եղած է բռնցքամարտի միջազգային մրցավար եւ դատաւոր: Պատրաստած է բռնցքամարտի նորանոր սերունդներ Հայաստանի մէջ: Ենգիբարեան մահացած է 1 Փետրուար 2013-ին Լոս Անճելըսի մէջ եւ թաղուած՝ Երեւանի Թոխմախի գերեզմանատան մէջ:

Այս առիթով, կազմակերպիչ մարմինի ատենապետ Պրն. Քարլ Պարտաքեան նշած է, թէ Ենգիբարեան ոչ միայն բռնցքամարտի սիրուած դէմք մըն էր, այլ նաեւ մեծ հայրենասէր եւ ազգային հերոս: Անոր ազդեցութիւնը հայկական բռնցքամարտի վրայ  կը զգացուի առայսօր: Մեր նպատակը,- կը շարունակէ Պարտաքեան,- այն է, որ Վլադիմիր Ենգիբարեան թեկնածու ըլլայ Քանասթոթա Նիւ Եորքի “International Boxing Hall of Fame”-ին, երբ անոնք սիրողական բաժին մը հիմնեն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին