Ուրբաթ, 27. 02. 2026

spot_img

Լիբանան Պէտք Է Հրաւիրէ Սուրիան Արաբական Տնտեսական Գագաթնաժողովին. Հըզպալլա

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  Երէկ Հըզպալլա կուսակցութիւնը հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ, ուր մասնաւորաբար նշեց, թէ Լիբանանին լիովին շահաւէտ է Սուրիոյ Հանրապետութիւնը տնտեսական եւ ընկերային զարգացման արաբական գագաթնաժողովին հրաւիրելը: Նշենք, որ գագաթնաժողովը տեղի պիտի ունենայ այս ամսուան աւարտին Պէյրութի մէջ:
«Լիբանանը,- ըսաւ Հըզպալլան,- Սուրիոյ ամենամօտիկ եւ ամենակարեւոր հարեւանն է: Աւելին, անհրաժեշտ է, որ ան ըլլայ Սուրիոյ՝ Արաբական լիկայի վերադարձը նախաձեռնողներու պարագլուխը: Յիշեցնենք, որ Սուրիոյ Հանրապետութիւնը Արաբական լիկայէն հեռացուած է 2011 թուականէն ի վեր:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին