«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Ֆինանսներու նախարարի պաշտօնակատար Ալի Հասան Խալիլ նախազգուշացուց՝ դիտել տալով նախարարութիւններու դրամական միջոցներու մօտալուտ սպառումի հաւանականութիւնը, եթէ նոր կառավարութեան կազմաւորումը ի կատար չածուի յառաջիկայ մէկ ամսուան ընթացքին: Այս մասին նախարարը յայտնեց վարչապետի պաշտօնակատար Սաատ Հարիրիի հետ հանդիպում ունենալէն ետք:
«Երբ կառավարութիւնը կազմաւորուի, ապա մենք շատ դիւրաւ պիտի կարենանք զանազան աղբիւրներէ դրամական միջոցներ ապահովել մեր նախարարութիւններուն համար»,- ըսաւ Խալիլ հանդիպումէն ետք տեղի ունեցած մամլոյ հեռարձակուող ասուլիսին ժամանակ:






