ԼԻՆՏԱ ԳԱՆՏԻԼԵԱՆ
ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Հայ Քոյրերու վարժարանը իր ծրագիրները հիմնաւորած է ազգային եւ քրիստոնէական դաստիարակութեամբ:
Դեկտեմբեր ամիսը իր տօնական խորհուրդով, մթնոլորտով եւ զարդարանքներով այս տարի եւս առկայ էր վարժարանէս ներս: Այս տարուան նորութիւնն էր, որ մաս մը ուսուցիչներ Տնօրէնուհի՝ քոյր Լուսիայի ընկերակցութեամբ առաւօտ կանուխ դպրոց հասնող ծնողներուն եւ աշակերտներուն կ’աւետէին Մանուկ Յիսուսի Ծնունդը՝ երգելով Ս. Ծննդեան դասական շարականներ, հիացմունք պատճառելով ծնողներուն եւ ներշնչելով աշակերտները: Այս բոլորը կատարելագործուեցան աշակերտներու խոստովանութեամբ եւ ապա՝ աշակերտական պատարագով:
Տօնական օրերու նախօրեակին վարժարաէս ներս նաեւ տեղի ունեցան կարգ մը բարեսիրական աշխատանքներ, որոնց լաւագոյնն էր Աշակերտական խորհուրդին կազմակերպած խաղալիքներու հաւաքը, որ յանձնուեցաւ Մոնթրոզ քաղաքի հրշէջներու կեդրոնը, նաեւ Candy Gram-ի ծրագիրը, որուն նպատակն էր սորվեցնել աշակերտներուն արտայայտել իրենց սէրն ու յարգանքը ընկերներուն, ուսուցիչներուն կամ ծնողներուն հանդէպ, իսկ անոր եկամուտը տրամադրել բարեսիրական նպատակի մը:
Դեկտեմբեր ամսուան բոլոր գործունէութիւնները իրենց եզրափակիչ հանգրուանին հասան հանրութեան ներկայացուած աշակերտական հանդէսներով: Այսպէս, տեղի ունեցան Հայ Քոյրերու վարժարանի նախակրթարանի եւ Մանկապարտէզի Սուրբ Ծննդեան զոյգ հանդէսները, Չորեքշաբթի եւ Ուրբաթ՝ Դեկտեմբեր 19 եւ 21 օրերուն:
***
Չորեքշաբթի 19-ի գիշեր Հայ Քոյրերու վարժարանի Դանիէլեան սրահին մէջ՝ ծնողներ, մեծ ծնողներ, հիւրեր, նախկին շրջանաւարտներ, շրջանաւարտ ծնողներ եւ ուսուցիչներ յոգնեցուցիչ օրուան մը աւարտին հաճոյքը ունեցան ունկնդրելու Ծննդեան խաղաղութիւն մաղթող եւ յոյս եւ հաւատք ներշնչող, իրենց զաւակներու մեկնաբանութիւնները:
Վարժարանիս Տնօրէնուհի՝ Քոյր Լուսիայի կատարած բացման խօսքէն եւ մօտեցող տօնական օրերու յատուկ բարեմաղթութիւններէ ետք՝ հանդիսութիւնը սկսաւ նախակրթարանի ամենափոքր դասարանէն եւ շարունակուեցաւ մինչեւ վեցերորդ դասարանի աշակերտները, որոնք բոլորն ալ հաւասարապէս առիթը ունեցան ներկայանալու եւ մեկնաբանելու գեղեցիկ, մշակուած եւ համադրուած ծրագիր մը:
Սրահը լիացած էր տօնական մթնոլորտով, երջանկութեամբ եւ գոհունակութեամբ, մայրապետները, ծնողները, ուսուցիչները եւ աշակերտները՝ Հայ Քոյրերու վարժարանի մեծ ընտանիքը կը տօնէր Սուրբ Ծնունդը ամբողջ երկու ժամուան տեւողութեամբ, որմէ ետք մեծ երջանկութեամբ յամենալով դպրոցին մէջ մինչեւ գիշերուան ուշ ժամեր, հաւաքը շարունակելով համադամ ճաշերով:
***
Ուրբաթ Դեկտեմբեր 21-ի առաւօտուն տեղի ունեցաւ մանկապարտէզի նախաճաշ հանդէսը. հիւրերը կանուխէն ժամանած էին մեծ հետաքրքրութեամբ նախաճաշելու Կաղանդ Պապային հետ եւ դիտելու իրենց երեխաներու պատրաստած երգերն ու Ծննդեան թատրոնը: Մանկապարտէզի Տնօրէնուհի՝ Սոնա Գազանճեանի բացման խօսքէն ետք աշակերտները երեւցան բեմին վրայ ներկայացնելով 2000 տարուան պարզ պատմութիւն մը, որ փոխեց աշխարհի մարդկութեան աշխարհահայեացքը. Մանուկ Յիսուսի Ծնունդը:
Զոյգ հանդէսներու իրականացումն ու յաջողութիւնը կը պարտինք աշակերտներու, ուսուցչուհիներու, տնօրէնութեան եւ երաժշտութեան ուսուցչուհի՝ Վարդուհի Պաղտասարեանի ջանքերուն համագործակցութեան եւ ծրագրուած աշխատանքին:
Գեղեցիկ է դիտել եւ ունկնդրել խնամքով պատրաստուած եւ համադրուած աշխատանք մը, որ միայն հիացում կը պատճառէ ունկնդիրին:
Այսպէս էր զգացումը Հայ Քոյրերու վարժարանի ծնողներուն, որոնք հիացմունքով ունկնդրեցին եւ դիտեցին իրենց զաւակներուն հոգեպարար շարականներու եւ խանդավառ երգերու մեկնաբանութիւնները: Վարձքը կատար բոլոր նուիրեալներուն: Շնորհակալութիւն բոլոր ծնողներուն եւ նուիրատուներուն:
Հայ Քոյրերու վարժարանը կը շնորհաւորէ բոլորին Սուրբ Ծնունդն ու Նոր Տարին, կը մաղթէ առողջ, բեղուն ու խաղաղաբեր օրեր:
Յապաւումներով






