«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Ղասսան Հասպանի երէկ յայտարարեց, որ առողջապահութեան ելեկտրոնային քարտի ստեղծման մասին օրինագիծը այժմ կը գտնուի խորհրդարանի Ընդհանուր ժողովի մօտ՝ խնդրելով սոյն օրինագիծի գործարկումը պահանջող ցոյցի կազմակերպիչներէն համբերատար ըլլալ ու կեդրոնանալ իրական խնդիրներու վրայ:
Խորհրդարանի Ֆինանսի եւ պիւտճէի կոմիտէն Նոյեմբեր 5-ին հաստատեց օրինագիծը, որ կը միտի ստեղծել առողջապահութեան ելեկտրոնային քարտ բոլոր լիբանանցիներուն համար, ինչպէս նաեւ ընձեռել բժշկական համընդհանուր ապահովագրութիւն:
Նշենք, որ այնուհետեւ օրինագիծը քննարկումի համար ուղարկուած էր խորհրդարանի քարտուղարութեան, նախքան Ընդհանուր ժողովին անցնիլը:






