«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Երէկ Հըզպալլա կուսակցութիւնը հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ, ուր մասնաւորաբար նշեց, թէ Լիբանանին լիովին շահաւէտ է Սուրիոյ Հանրապետութիւնը տնտեսական եւ ընկերային զարգացման արաբական գագաթնաժողովին հրաւիրելը: Նշենք, որ գագաթնաժողովը տեղի պիտի ունենայ այս ամսուան աւարտին Պէյրութի մէջ:
«Լիբանանը,- ըսաւ Հըզպալլան,- Սուրիոյ ամենամօտիկ եւ ամենակարեւոր հարեւանն է: Աւելին, անհրաժեշտ է, որ ան ըլլայ Սուրիոյ՝ Արաբական լիկայի վերադարձը նախաձեռնողներու պարագլուխը: Յիշեցնենք, որ Սուրիոյ Հանրապետութիւնը Արաբական լիկայէն հեռացուած է 2011 թուականէն ի վեր:






