Ուրբաթ, 27. 02. 2026

spot_img

Առողջապահութեան Ելեկտրոնային Քարտի Ստեղծման Մասին Օրինագիծը Ուղարկուեցաւ Խորհրդարան. Հասպանի

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  Առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Ղասսան Հասպանի երէկ յայտարարեց, որ առողջապահութեան ելեկտրոնային քարտի ստեղծման մասին օրինագիծը այժմ կը գտնուի խորհրդարանի Ընդհանուր ժողովի մօտ՝ խնդրելով սոյն օրինագիծի գործարկումը պահանջող ցոյցի կազմակերպիչներէն համբերատար ըլլալ ու կեդրոնանալ իրական խնդիրներու վրայ:
Խորհրդարանի Ֆինանսի եւ պիւտճէի կոմիտէն Նոյեմբեր 5-ին հաստատեց օրինագիծը, որ կը միտի ստեղծել առողջապահութեան ելեկտրոնային քարտ բոլոր լիբանանցիներուն համար, ինչպէս նաեւ ընձեռել բժշկական համընդհանուր ապահովագրութիւն:
Նշենք, որ այնուհետեւ օրինագիծը քննարկումի համար ուղարկուած էր խորհրդարանի քարտուղարութեան, նախքան Ընդհանուր ժողովին անցնիլը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին