Չորեքշաբթի, 25. 02. 2026

spot_img

Նախագահը Այցելած Է Վազգէն Սարգսեանի Ընտանիքին

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան Դեկտեմբեր 30-ին այցելած է Հայաստանի ազգային հերոս, սպարապետ Վազգէն Սարգսեանի ընտանիքին: Նախագահը ծաղիկներ խոնարհած է Վազգէն Սարգսեանի մօր՝ Կրեթա Սարգսեանի շիրիմին:

Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ այնուհետեւ ընտանեկան ջերմ միջավայրի մէջ ան անմիջական զրոյց ունեցած է Վազգէն Սարգսեանի հօր՝ Զաւէն Սարգսեանի եւ եղբայրներուն՝ Արմէն եւ Արամ Սարգսեաններուն հետ, ընտանիքի բոլոր անդամները շնորհաւորած է գալիք տօներուն առթիւ:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին