«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Չորեքշաբթի վարչապետի պաշտօնակատար Սաատ Հարիրի առանց ժամանակ վատնելու ուղղակի վերսկսաւ գործարկել կառավարութեան կազմաւորման մէջ առկայ փակուղիի վերացման ուղղութեամբ աշխատանքները՝ Նոր տարուան երկրորդ օրը հանդիպում մը ունենալով արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ժպրան Պասիլի հետ:
«Բազմաթիւ ուղիներ կան այս խնդիրին շուրջ յարմարագոյն լուծումի յանգելու համար,- լրագրողներուն հետ զրոյցի ժամանակ ըսաւ Պասիլ եւ աւելցուց:- Կասկած չկայ, որ մենք պիտի ներդնենք առաւելագոյնը՝ կառավարութեան կազմաւորման յամեցող գործընթացը վերջակէտի հասցնելու համար»:
Այս թեմայի լոյսին տակ Հըզպալլա յոյս յայտնեց, որ յառաջիկայ կառավարութեան կազմաւորումը բաւականին մօտալուտ է: Այս մասին հաղորդեց կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդի փոխնախագահ Մահմուտ Քոմաթին:
«Կամքը առկայ է իրագործելու կառավարութեան կազմաւորումը»,- Հըզպալլայի ամանորեայ շնորհաւորանքները յղելու նպատակով մարոնի համայնքի պատրիարք Պշարա Ռայի հետ հանդիպումէն ետք ըսաւ Քոմաթի:
Քոմաթի նաեւ դիտել տուաւ, որ կառավարութեան կազմաւորումը խիստ հրամայական է դիմակայելու իսրայէլեան սպառնալիքները եւ երկրի օր ըստ օրէ վատթարացող կենսապայմանները:






