Չորեքշաբթի, 25. 02. 2026

spot_img

Արցախի Նախագահը Արա Պապլոյեանը Պարգեւատրած Է «Մեսրոպ Մաշտոց» Շքանշանով

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան Յունուար 2-ին ընդունած է Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Արա Պապլոյեանը։ 

Ինչպէս կը հաղորդէ«Արմէնփրես»-ը, ՀՀ ԱԺ լրատուութեան եւ հանրութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ առանձնազրոյցէն ետք հանդիպումը շարունակուած է ընդլայնուած կազմով։

Բակօ Սահակեանը երախտագիտուգիւն յայտնած է Արա Պապլոյեանին՝ իր պաշտօնավարման ժամանակաշրջանին 
Արցախին յատուկ ուշադրութիւն դարձնելուն, հայկական երկու Հանրապետութիւններուն միջեւ կապերը ամրապնդելուն համար՝ իրեն մաղթելով յաջողութիւններ ու ամենայն բարիք:

Նախագահը Արցախի Հանրապետութեան մատուցած ծառայութիւններուն համար Արա Պապլոյեանը պարգեւատրած է «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով։

Հանդիպումին ներկայ էին Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանը, նախարար Կրիկորի Մարտիրոսեանը, պաշտօնատար այլ անձինք:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին