Մեծ Աշխարհի Խնդիրներէն Մեր Անկիւնի Խնդրիրներուն
Նոր տարեմուտի այս օրերուն մինչ տնտեսական, մարդկային, քաղաքական, բարոյական, ազգային այլազան եւ հակադիր խնդիրներ կը հանգուցեն մեր միտքերը, յառաջիկայ ամբողջ տարուան ընթացքին Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւնները պիտի մնան բարդ ու բարդոյթաւոր այս կեանքին մեր գլխաւոր մտասեւեռումներէն:
Ասիկա բնական է, որովհետեւ իր ենթազգայականին ու բնազանցականին մէջ անապահով զգացող հայը պիտի շարունակէ վերատեսութեան ենթարկել ապահովութեան խարիսխներու իր որոնումը: Եւ եթէ նոյնիսկ չուզէ հաստատուիլ Հայաստանի Հանրապետութիւն՝ պիտի շարունակէ անոր մէջ տեսնել իր ապահովական երաշխիքը:
Ահա թէ ինչու մարդկութիւնը մտահոգող երկրագունդի բազում խնդիրներէն, հայերը առաւելաբար կը շահագրգռէ հայկական աշխարհը, յառաջիկայ հայութիւնը, մանաւանդ՝ անցնող տարուան հայաստանեան քաղաքական խոշոր իրադարձութիւններէն ետք, որոնք յղի են հակադիր ուղղութիւններով յառաջանալու ամէն առիթներով:
Երեսնամեակ, Խորհրդահայ Տարիներ Եւ 1880-1920 Ժամանակահատուած
Մարդու կեանքին մէջ քիչ չէ երեք տասնամեակ ապրիլը, մանաւանդ երբ այդ երեք տասնամեակներուն շուրջ կէսը գիտակցական հանգրուանի կեանք կ’ենթադրէ: Ծնողք ընդհարապէս զաւակներուն, կամ իրենցմէ կրտսեր սերունդի ակնարկելով երբ պիտի նշեն թէ անոնք կարողունակ դարձած են, կը հաւաստեն՝ «խելահաս է արդէն»: Այո, խելահաս, այսինքն՝ գիտակցական այնպիսի տարիք, որմէ կ’ակնկալուի կեանքին ու դիմագրաւելի խնդիրներուն լուրջ ու համապատասխան եւ դրապէս արդիւնաւորող լուծումներու տէր անձ:
Հայութեան յետսովետական հանգրուանը շուտով երեսուն տարեկան կ’ըլլայ:
Հայաստանի Հանրապետութիւնը իր պետականութեամբ, հոգեւոր թէ աշխարհիկ ղեկավարութեամբ, մտաւորականութեամբ ու ժողովուրդով – իբրեւ իրենց ազգային երկրին գերիշխանութիւնը երաշխաւորող քաղաքացիներ – շուտով պիտի դառնան երեսուն տարեկան:
Հայրենաբնակ ժողովուրդին այս նոր պարտականութիւն-իրաւունք զուգադրական յանձնառութեան մէկ տարբերակը կը վերաբերի Սփիւռքին, այսինքն՝ Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութեանց, ինչպէս նաեւ պապենական Հայաստանի սահմաններէն դուրս գտնուող բոլոր այն անձերուն որոնք հայ կը զգան:
Արդեօ՞ք երեսուն տարին բաւարար ժամանակ չէ մարդը խելահասութեան տարիքին մէջ զետեղելու: Աշխարհատարած հայութիւնը իր բոլոր խաւերով, աշխարհագրական թէ մարդկային ու ազգային իր դերակատարութեան բոլոր խմբաւորումներով շուտով երեսուն տարեկան պիտի դառնայ: Եթէ այդ երեսուն տարիներուն աւելցնենք 1870-1990ի համաշխարհային դէպքերուն հայկական բաժինի իրադարձութեանց նոյնիսկ մակերեսային ծանօթութիւնը, ապա կասկածէ դուրս է որ այսօր հայութիւնը թեւակոխած պէ՛տք է ըլլայ իր «խելահասութեան» տարիքը:
Հայկական Մերօրեայ Օրակարգեր
Յստակ են հայութեան մերօրեայ օրակարգերը: Անոնք սահմանագծուեցան (կամ վերաձեւաւորուեցան) վերջին երեսնամեակի հայկական զարգացումներուն լոյսին տակ: Անոնցմէ հինգին այստեղ պիտի անդրադառնանք: Այդ հինգը միակը չեն, եւ անոնց տուած մեր նկարագրութիւնը սպառիչ չէ, մանաւանդ որ պիտի չբանանք փակագիծերը ու պիտի յարգենք բացառութիւնները.-
- Տնտեսութեան օրակարգ.- Յստակ է որ անցնող մէկուկէս տասնամեակին Հայաստանի Հանրապետութենէն վտանգալից արտահոսք եղաւ: Որոշ է նաեւ, որ այդ արտահոսքին տեսակարար կշիռը՝ երկրին տնտեսական տագնապն է: Ամէն ինչ պէտք է ընել, որ Հայաստան ունենայ ազատ եւ առողջ տնտեսութիւն: Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանի մեծագոյն մարտահրաւէրը՝ տնտեսութեան կենսաւորումն է: Մարդիկ, կրնան պահ մը ոգեւորուիլ կաշառակերութեան դէմ տարուած արշաւով, քանի որ ներքուստ այն համոզումը ունին որ «աղանդաւորուած» տնտեսութիւնը կաշառակերներէն մաքրելէ ետք, տնտեսութիւնը ինքնաբերաբար աճ ու վերելք պիտի արձանագրէ ու նոր աշխատատեղեր պիտի յառաջանան: Ո՛չ, մերօրեայ աշխարհի տնտեսութիւնը այդպէս չի բանիր: Պետութիւնը պարտի դիմել օտար, ուրիշ պետութիւններու տնտեսական վերածնունդի փորձին: Լուրջ, գիտական հետազօտութիւններով համապատասխան ծրագրեր պարտին մշակուիլ եւ ըստ այդմ, քայլ առ քայլ ու թափով վերածնել տնտեսութիւնը:
- Հայկական Հարց.- Հայկական Դատը, Հարցը, Խնդիրը արցախեան ազատամարտի շրջանին «վերաշարադրուեցաւ»: Մերօրեայ սահմանումը հողահաւաք ու հայահաւաք, թերեւս շատ շատերը կ’ուրախացնէ ու կը բաւարարէ: Սակայն խօսքէն գործի պէտք է անցնիլ հոս եւս: Ճանաչման, թէ ժխտողականութեան դէմ օրօրներն ու քայլերգերը չեն հրապուրեր նոր սերունդի յատկանշական զանգուած մը: Պարզ է, անմար պէտք է պահել պահանջատիրութիւնը: Բայց, հո՛ս ալ պարտինք դիմել ուրիշ ազգերու եւ դատերու լուծման փորձին, եւ յառաջացնել – կրկնելով տնտեսութեան մասին կատարած վերի ակնարկութիւնս – լուրջ, գիտական հետազօտութիւններով համապատասխան ծրագրեր մշակել:
Զարմանալի ենք. անցնող հարիւրամեակին մեր մեծագոյն հարցը յայտարարած ենք Հայկական Հարցը, որ մարդկային ըլլալու կողքին նաեւ քաղաքական է: Սակայն անցնող ամբողջ հարիւրամեակին չենք ձգտած, չենք յաջողած մարդկային նիւթերու եւ քաղաքական ասպարէզներու բաւարար մասնագէտներ ու դերակատարներ յառաջացնել:
- Վերածնունդ, վերարտադրութիւն.- Եթէ սփիւռքեան համայնապատկերը դիտենք, կրնանք առանց երկմտանքի պնդել, թէ տեղահանութեան եւ Եղեռնին հետեւանքով հարիւր հազարաւոր հայեր թարմացուցին սպառման մօտեցած նախաեղեռնեան հայագաղութները: Կար ժամանակ, երբ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին հետեւանքով Արեւմուտք արտագաղթած լիբանահայութեան վերագրուեցաւ կարգ մը հայագաղութներու զարթօնքը: Այսօր նման բանի մը թերեւս կարելի է նմանցնել յետանկախական արտագաղթը, շեշտակի վերապահումներով:
Յամենայնդէպս, պատկերն այն է, որ մեր գաղութները պէտքն ունին, կարիքն ունին վերակենսաւորման, վերածնունդի: Սփիւռքի հայօճախները բաւարար թարմութեամբ չեն վերարտադրեր, չեն վերանորոգեր իրենք զիրենք: Մենք այս ընթացքով ականատես պիտի դառնանք տխուր աւարտներու:
Հոս էական կը դառնայ առաջնորդութեան առաքելութիւնը: Կարեւոր տարբերութիւն կայ գործերը վարելու եւ գործերը ղեկավարել–առաջնորդելու միջեւ: Երկրորդ տեսակի մարդոց ժամանակն է հիմա: Տեսիլքի տէր հաւատաւոր առաջնորդները փրկարար գործ կրնան տանիլ այսօր:
- Աշխարհափոխութիւն, հին յանկերգ եւ մտաւորականութիւն.- Ժողովուրդի մը կենդանի, ապրող ոգին իր մտաւորականութեան մէջ է: Ա՛ն է որ պիտի գիտնայ ժամանակին պահանջքը եւ ըստ այնմ վերահրամցնէ տուեալ ժողովուրդին անցեալի ժառանգը, այդ աւանդին տալով քաթալիսթի գործառոյթ:
Վերյիշենք պահ մը համաշխարհայնացման հանրահռչակման առաջին տարիներն ու այսօր: Որքա՛ն տարբեր է աշխարհը այսօր՝ երբ բաղդատենք 2010ի, 2000ի եւ 1990ի աշխարհներուն հետ: Հայ մտաւորականութիւնը դատապարտելու լուրջ պաշար կայ ամէնուրեք՝ իր թերացումներուն համար: Անոնք տակաւին չկրցան – պիտի ըսեմ բաւարար չջանացին – հոգեփոխել հայը: Բաւարար չտագնապեցան հայ երիտասարդութեան աւելի քան 60%ը գոյացնող այն զանգուածին համար, որ աշխարհափոխութեան հետ քայլ պահելով հայկականին մէջ բաւարար չգտաւ ժամանակակիցը: Եւ այդ 60%ին մեկնումը հիմնական պատճառ է մեր հոգեփոխութեան բացակայութեան, մեր վերածնունդ-վերարտադրութեան անբաւարարութեան…:
- Նոր ժամանակներ, նոր հրապոյրներ.- Տարօրինակ չէ բնաւ որ մարդիկ լաւին, գեղեցիկին, հրապուրիչին, առինքնողին կը թեքին, կ’ուղղուին: Եթէ հայութիւնը շարունակէ հայկական տարածքը վանողական, անհրապոյր նկատել ապա յստակ է թէ ու՛ր կրնանք ուղղուիլ:
Խելահասութեան ժամանակն է: Սասունցի Դաւիթներ պէտք են որոնք բերդպարեր հիւսեն, եւ ժողովուրդ՝ որ ոչ թէ վստահի Սասունցի Դաւիթներուն, այլ մասնակցի՛ գործքի քան թէ խօսքի յանձնառութեամբ:
Խելահասութեան ժամանակն է, այլապէս պայծառ յառաջիկայ չի մնար հայութեան:






