Խմբագրական «Զարթօնք»ի
Հիմնուելով պատասխանատու հաշուետուութեան մեր սկզբունքին վրայ՝ Ամանորի սեմին դարձեալ հաշուեյարդար մը կ’ուզենք ընել «Զարթօնք»-ի նախորդ տարուան գործունէութեանց՝ արձանագրելով, թէ ո՛ւր յաջողեցանք, ո՛ւր ձախողեցանք եւ ի՛նչ կը ծրագրենք յաջողցնել այս տարի:
Ինչպէս ամէն աշխատանքի պարագային, նախորդ տարուան ընթացքին մեր աշխատանքներուն համար, ըստ մեր ժողովուրդի «բարի» սովորութեան, երբեմն գնահատուեցանք եւ յաճախ ալ քննադատուեցանք: Գնահատականներուն համար, ինչպէս միշտ, երախտապարտ ենք եւ կը վստահեցնենք, որ այդ մէկը մեզի քաջալերեց աւելի յանձնառու ըլլալու եւ մեր լաւագոյնը տալու մեր ընթերցողներուն: Տեղին եւ շինիչ քննադատութիւններէն փորձեցինք սորվիլ, իսկ «երդուեալ քննադատողներուն» համար ալ աղօթեցինք, որ Աստուած աւելիով տայ իրենց այն ինչ, որ կը ցանկան մեզի համար…:
Ինչպէս տարիներու մեր որդեգրած սկզբունքն է, մեր տեսանկիւնէն գնահատեցինք ու պատուեցինք արժանաւորը եւ փորձեցինք մարդկային կարելիութեան սահմաններուն մէջ անաչառ կերպով, երբեմն ալ անխնայ քննադատել այն ինչ, որ յոռի տեսանք եւ վնասակար:
Տարեսկիզբին եզրափակեցինք տարի մը առաջ ընթացք առած «Զարթօնք»-ի 80ամեակի ձեռնարկները՝ եզրափակիչ կարեւոր հանդիսութեամբ մը Պէյրութի մէջ: Այս առիթով հրատարակեցինք «Զարթօնք» 80ամեակի մեր բացառիկը:
Ինչպէս նախորդող տարին, անցեալ տարի եւս շարունակեցինք մեր թերթի արտադրութեան մէկ մասը իրագործել Հայաստանի մէջ, արհեստագիտութեան բարիքներէն օգտուելով՝ այս բանը տնօրինեցինք շատ յաճախ Պէյրութի, մերթ ալ Երեւանի մեր խմբագրատուներէն: Այս ծիրէն ներս մեր թերթի բովանդակութեան մէջ ընդգրկեցինք ««Զարթօնք» հայրենիքի մէջ» եւ «Երազէ՛… Իրագործէ… Ներդրողներ հայրենիքի մէջ» ընդհանուր վերնագրով երկու կարեւոր շարքեր, որ ունեցաւ իր տեսերիզի տարբերակը նաեւ: Արհեստագիտութեան հետ միշտ քայլ պահելու համար այս առիթով եւ ապա ընդհանրապէս մեր թերթի բովանդակութեան մէջ ընդգրկեցինք QR գաղտնագիրը, որպէսզի տպագիրը նաեւ որպէս միջոց ծառայէ այդտեղէն ուղղուելու ելեկտրոնային տարբերակին:
Մկրտիչ Մսըրլեանի անուան ««Զարթօնք»-ի բեղուն գրչի մրցանակ»-ի երկրորդ տուչութեան համար արժանի գտանք Արցախի մեր աշխատակից Նորայր Յովսէփեանը:
Գործուղումներ ունեցանք Իրաք, Հայաստան, Նիւ Ճըրզի, Նիւ Եորք եւ Լոս Անճելըս, ուր լրագրական աշխատանքի կողքին մասնակից եղանք ձեռնարկներու եւ ունեցանք պաշտօնական հանդիպումներ թերթիս ծանօթ եւ անծանօթ անձնաւորութիւններու հետ՝ լաւագոյնս ներկայացնելով մեր թերթը տեղւոյն համայնքներուն եւ անոնց ներկայացուցիչներուն:
Լոս Անճելըսի մեր պաշտօնակից «Նոր Օր»-ի հետ միասին հրատարակեցինք իւրայատուկ բացառիկ միացեալ թիւ մը:
Հրատարակեցինք ապրիլեան մեր յաւելուածը, որ իր բովանդակութեամբ եւ խորհուրդով իւրայատուկ էր: Ան կը պարունակէր խմբագրական մը եւ հետզհետէ փոքրացող Հայաստանի 30 քարտէս «Ո՞ւր էինք, ո՞ւր հասանք եւ դեռ ո՞ւր պիտի հասնինք» խորագրով:
Մասնակցեցանք ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան հովանաւորութեամբ գումարուող լրագրողներու համահայկական 9-րդ համահայկական համաժողովին:
Այցելեցինք Արցախի առաջնագիծեր՝ դիրքերու վրայ գիշերներ լուսցնող մեր քաջարի զինուորներուն առօրեային ծանօթանալու համար:
«Խմբագրատանս մէջ» սիւնակով շարունակեցինք ընդունիլ սիրելի հիւրեր՝ անոնց հետ ունեցած մեր շահեկան զրոյցը դնելով մեր ընթերցողներուն տրամադրութեան տակ:
Յաջորդական երկրորդ տարին ըլլալով շարունակեցինք «Արցախը նախորդ շաբաթ» շաբաթօրեայ էջը՝ Արցախի մեր աշխատակիցին գրիչով մեր ընթերցողներուն ներկայացնելով Արցախի մէջ կատարուած իրադարձութիւնները:
«Երեւանը նախորդ շաբաթ» շաբաթասկիզբի սիւնակով մեր ընթերցողներուն շարունակեցինք ներկայացնել մշակութային յուշատետր մը տուեալ շաբթուան երեւանեան ձեռնարկներու:
Հրատարակեցինք Հայաստանի անկախութեան նուիրուած մեր բացառիկը:
Շարունակեցինք «Արմենփրէս»-ի հետ յատուկ գործակցութիւնը եւ այս ծիրէն ներս Երեւանի մէջ մասնակցեցանք վերջինիս կազմակերպած միջազգային լրատուական համաժողովին:
«ՌԱԿ Մամուլ»-ի եւ ելեկտրոնային ցրւումի միջոցաւ «Զարթօնք»-ի ելեկտրոնային տարբերակը օրն ի բուն հասցուցինք աշխարհի տարածքին շուրջ 13 500 հասցէներու: Այս բանին զուգահեռ կայքէջի եւ ընկերային համացանցի վրայ մեր ընթերցողներու թիւը մշտական աճ շարունակեց արձանագրել:
Հիմնեցինք «Զարթօնք մատենաշար»-ը եւ հրատարակեցինք անոր անդրանիկ գիրքը: Այս ծիրէն ներս, համաձայնութեան մը եկանք Ծիծեռնակաբերդի Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէնութեան հետ, որ նախ որպէս թերթօն, ապա որպէս գիրք հրատարակենք թանգարանին մէջ պահ դրուած յուշագրական ձեռագիրերը:
Հայաստանի Ազգային գրադարանի հետ շարունակեցինք մեր շինիչ գործակցութիւնը:
Շարունակեցինք ազնիւ գործակցութիւնը լիբանանահայ միւս օրաթերթերուն հետ:
Չկրցանք տպագիրի մեր բաժանորդներուն թիւը մեծցնել հասկնալի պատճառներով: Չկրցանք հետեւողականօրէն շարունակել «Զարթօնք սփոր» մեր տպագիր շաբաթօրեան պիւտճէական պատճառներով՝ զայն փոխարինելով շաբաթօրեայ երկու էջերով: Նոյն պատճառով չկրցանք շարունակել մեր սկսած մանկապատանեկան «Արեւիկ» յաւելուածի հրատարակութիւնը: Ասոնց փոխարէն փորձ մը կատարեցինք սկսելու «Զարթօնք»-ի գրական «Շիրակ» պարբերական յաւելուածը, որ, յոյսով ենք, պիտի շարունակուի այս տարուան ընթացքին:
2019-ին պիտի շարունակենք այն ինչ որ սկսած ենք՝ փորձելով զանոնք մարդկային հնարաւորութիւններու եւ նիւթական պայմաններու մեր կարելիութեան սահմաններուն մէջ կատարելագործել: Ինչպէս միշտ, պիտի շարունակենք նորարարութիւններով հանդէս գալ՝ աւելի հարստացնելու մեր թերթին բովանդակութիւնը՝ յաւելեալ արժէք մը փորձելով տալ անոր գոյութեան:






